▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Հոգիդ պետք է ազատ լինի․Թուրքկան բանտից փախուստի դիմած հայ մտավորական Սևան Նիշանյանի հարցազրույցը

Յու­լիս 14ին թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ար­ձա­գան­գե­ցին թրքա­հայ մտա­ւո­րա­կան, գրող ու գոր­ծա­րար ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի հա­մա­ցան­ցա­յին այն գրա­ռու­մին, թէ ­Թուր­քիոյ բան­տին մէջ ե­րեք ու կէս տա­րի մնա­լէ ետք, ինք փա­խուս­տի դի­մած է։
Շատ չան­ցած ար­կա­ծախնդ­րա­կան այս հա­ղոր­դու­մէն, յայտ­նի դար­ձաւ, թէ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 26 Յու­լի­սին, ան դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­պաս­տան հայ­թայ­թող պե­տա­կան մարմ­նոյ մօտ, ուր­կէ ա­պա­հո­ված է ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կե­ցու­թեան վե­ցամ­սեայ առ­ժա­մեայ ար­տօ­նա­գիր։
Ն­շա­նեան թրքա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ դա­տա­պար­տո­ւած էր 17 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան՝ ա­պօ­րի­նի շի­նա­րա­րու­թեան եւ հար­կե­րէ խու­սա­փե­լու պատ­ճա­ռով ա­ռա­ջադ­րո­ւած ամ­բաս­տա­նու­թեամբ, սա­կայն թէ՛ ինք, թէ՛ ի­րեն սա­տա­րող­նե­րը վստահ են, որ տրո­ւած ո­րո­շու­մը քա­ղա­քա­կան բնոյթ եւ հիմք ու­նի։
Ա­թէնք իր ժա­ման­ման ա­ռի­թով՝ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թիւ­նը տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ ա­նոր հետ՝ փոր­ձե­լով լոյս սփռել թրքա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նին դէմ գոր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ ա­նոր ա­նընդ­հատ ու­նե­ցած խնդիր­նե­րուն շուրջ։

Պրն. Ն­շա­նեան, ե՞րբ ա­ռա­ջին ան­գամ զգա­ցիք, թէ ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քա­կան խնդիր ու­նին ձե­զի հետ եւ ո­րո՞նք էին պատ­ճառ­նե­րը։

42 տա­րի ա­ռաջ էր…։ Այն ժա­մա­նակ ես սկսած էի գրու­թիւն­ներ հրա­տա­րա­կել ձա­խա­կող­մեան ամ­սա­գիր­նե­րու մէջ, ուր բա­ւա­կա­նին ար­մա­տա­կան տե­սա­կէտ­ներ կը յայտ­նէի։ Այն ա­տեն էր, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցի իմ ան­ձիս հան­դէպ։ 1980 թո­ւա­կա­նին ­Պի­րի­քիմ (Birikim) (որ կը նշա­նա­կէ ­Կու­տա­կում) ամ­սա­թեր­թը, որ այն ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր մտա­ւո­րա­կան-ձա­խա­կող­մեան ամ­սա­թերթն էր, իմ մէկ գրու­թեանս հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ար­գի­լո­ւե­ցաւ։ Ա­պա, 1986ին, երբ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ էի, իմ ըն­կե­րոջս հետ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցանք եւ բան­տար­կո­ւե­ցանք ե­րեք ամ­սո­ւան հա­մար այն ամ­բաս­տա­նու­թեամբ, թէ բա­նա­կին մէջ յե­ղաշր­ջում ու­զե­ցինք ա­ռա­ջաց­նել եւ թրքա­կան ազ­գին դէմ վի­րա­ւո­րանք հաս­ցու­ցինք։ ­Շատ մեծ խնդիր ծա­գած էր, ո­րով­հե­տեւ ըն­կերս՝ Ա­զիզ ­Նէ­սի­նին (Aziz Nesin) ­Թուր­քիոյ ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր հա­մայ­նա­վար գրո­ղին զա­ւակն էր։ Ու­րեմն կը հա­ղոր­դո­ւէր, թէ ինք եւ նշա­նա­ւոր հա­յը՝ թրքա­կան բա­նա­կը քան­դել կը ջա­նան…։
Յի­շեմ նաեւ, թէ 1985ին ար­դէն ծա­նօթ էի որ­պէս ­Թուր­քիոյ մէջ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու «­Քո­մո­տոր» նոր մո­տե­լի (բնօ­րի­նակ) մը հիմ­նա­դի­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տուն։
Ան­կէ ա­ռաջ ալ, 1970ին ձեռ­նար­կած էի ­Մարք­սի «Grundrisse» գիր­քի թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թեան, իսկ 1998ին՝ «­Փոքր հիւ­րա­նոց­ներ» գիր­քի հե­ղի­նա­կը ըլ­լա­լով, հռչա­կի ար­ժա­նա­ցած էի, երկ­րի այ­լընտ­րան­քա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան մէջ նո­րա­ձեւ ու կա­րե­ւոր հա­մա­կարգ մը ծա­նօ­թաց­նե­լով։

Բան­տի պայ­ման­նե­րուն մէջ, երբ որ յար­մա­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւե­ցան ձե­զի հա­մար, ձեր մտքե­րը եւ քննա­դա­տա­կա­նը շա­րու­նա­կե­ցիք ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կա­նու­թեան դէմ: Իշ­խա­նու­թեանց ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն յար­մա­րո­ւե­լու ո­րե­ւէ տրա­մադ­րու­թիւն չցու­ցա­բե­րե­ցիք։ Կր­նա՞նք ը­սել, որ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը ան­վախ անձ մըն է։

Կ­՚ը­սեն, թէ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը ան­վախ է։ Դ­ժո­ւար է ին­ծի հա­մար այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նել։ Ան­շուշտ կը վախ­նամ ո­րոշ բա­նե­րէ։ ­Բայց այն, որ մար­դիկ կը վախ­նան շատ բա­նե­րէ, ին­ծի հա­մար ան­խել­քու­թիւն է։ Ե­թէ պարզ դի­տես հար­ցե­րը՝ վախ­նա­լիք բան մը չկայ։
Մար­դոց վա­խը եր­բեմն կը հաս­նի շատ մեծ աս­տի­ճա­նի։ Երբ բաց աչ­քե­րով կը նա­յիս այդ վա­խե­րուն, ա­նոնք ա­նի­մաստ կը դառ­նան։ Այս է իմ տար­բե­րու­թիւնս, կը կար­ծեմ։


Ե՞րբ զգա­ցիք, որ յոյս չկայ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լու եւ ո­րո­շե­ցիք բան­տէն փախ­չիլ։


Գ­րե­թէ եր­կու տա­րի ա­ռաջ էր, երբ այս ո­րո­շու­մը ա­ռի։ Այս եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ կա­ռա­վա­րա­կան ան­ձեր յոյ­սե­րով լե­ցու­ցին, թէ պի­տի օգ­նեն որ­պէս­զի ա­զատ ար­ձա­կո­ւիմ։ Ո­րով­հե­տեւ կա՛ն շա­տեր, ո­րոնք կը հա­ւա­տան, թէ ­Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը ար­ժէ­քա­ւոր մարդ է եւ ա­նար­դար է բանտ մնա­լը։ Ան­պայ­ման լու­ծում պի­տի գտնենք, կ­՚ը­սէին ին­ծի։ Ես շատ չհա­ւա­տա­ցի այդ խոս­տում­նե­րուն։ ­Բայց ըն­կեր­ներս ը­սին, որ համ­բե­րեմ, քիչ մը սպա­սեմ։ Սա­կայն ա­ւե­լի վերջ յայտ­նի ե­ղաւ, որ բան մը պի­տի չը­նեն, ա­ւե­լի ճիշդ՝ այն զգա­ցու­մը ու­նե­ցայ, որ օ­րի­նա­կան, կա­նո­նա­ւոր լու­ծում չու­նին, կամ՝ կա­րե­լիու­թիւն չու­նին։

Ա­զա­տու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ մաղ­թե­ցիք «տա­րո­սը 80 մի­լիո­նին»։ Կ­՚ու­զէ՞ք բա­ցատ­րել իս­կա­կան ի­մաս­տը ձեր այս ար­տա­յայ­տու­թեան։

Թուր­քիա հսկայ բանտ մըն է. հսկայ խեն­թա­նոց մը ե­ղած է։ Օ­րէնք­ներ չկան, ար­դա­րու­թիւ­նը փճա­ցած է, հա­զա­րա­ւոր ան­ձեր ա­նի­մաստ պատ­ճառ­նե­րով բան­տար­կո­ւած են։
Ըլ­լայ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ, ըլ­լայ մա­մու­լին մէջ՝ ու­րիշ տե­սակ սար­սափ (terror) մը կայ։ Ան­կա­րե­լի է խօ­սիլ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու մա­սին եւ ան­կա­րե­լի է գիտ­նալ, թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ հե­տե­ւան­քը ո­րե­ւէ քայ­լի, ե­թէ այդ օ­րի­նա­կա՞ն է, թէ ոչ։ Օ­րէն­քի սահ­ման­նե­րը կոր­սո­ւած են։ Ու­րեմն՝ ­Թուր­քիա հսկայ բան­տի մը վե­րա­ծո­ւած է եւ կը յու­սանք, որ այս կա­ցու­թիւ­նը եր­կար պի­տի չտե­ւէ։ Ես կը յու­սամ, թէ պի­տի կա­րե­նամ ­Թուր­քիա վե­րա­դառ­նալ, ե­թէ այս վար­չա­ձե­ւը վերջ գտնէ ։

Ար­դէն ան­ցած է մէկ տա­րի ­Թուր­քիոյ մէջ պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի փոր­ձէն ետք, բայց դեռ կը շա­րու­նա­կո­ւին քա­ղա­քա­կան ճնշու­մը եւ բան­տար­կու­թիւն­նե­րը։ 
Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը։

Ես չեմ հա­ւա­տար, որ ի­րա­կան պե­տա­կան հա­րո­ւած մը կար ան­ցեալ տա­րի։ ­Բե­մագ­րու­թիւն մըն էր ա­տի­կա, պատ­րաս­տո­ւած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Եւ այդ գոր­ծա­ծե­ցին «մեծ մաք­րու­թեան» գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար։ ­Մէյ մը որ սկսիս ճնշու­մով կա­ռա­վա­րել՝ ետ քայլ չես կրնար ը­նել։
Ո՞րն է ա­ւե­լի մեծ վտան­գը թուրք քա­ղա­քա­ցիին եւ երկ­րին հա­մար ընդ­հան­րա­պէս։ Ա­ճող իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թի՞ւ­նը, թէ՞ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­կար­գը եւ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը։
Հա­ւա­սար են եր­կու վտանգ­նե­րը։ ­Կը կար­ծեմ, թէ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը եւ զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­կար­գը քիչ մը ա­ւե­լի մեծ են։

Պոլ­սոյ հայ­կա­կան հա­մայն­քին հետ ի՞նչ են ձեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Քիչ են։ 25 տա­րի է, որ ­Պո­լի­սէն հե­ռու կ­՚ապ­րիմ։ Պզ­տիկ գիւ­ղի մը մէջ, ուր միակ հա­յը ես եմ։ Իսկ ատ­կէ ա­ռաջ, 10 տա­րի Ա­մե­րի­կա էի։ ­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քին հետ կապս 40 տա­րիէ ի վեր տկա­րա­ցած է։ Անձ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նիմ։

2016ին բան­տար­կո­ւած վի­ճա­կի մէջ ստա­ցաք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն «Ո­ւի­լիամ Սա­րո­յեան» շքան­շա­նա­գի­րը։ ­Կը զգա՞ք, որ ձեր կող­քին են ­Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Կապ կը պա­հէ՞ք հայ­րե­նի­քին հետ։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը մեծ ուժ եւ օգ­նու­թիւն տո­ւին ին­ծի, երբ որ բան­տար­կո­ւե­ցայ։ ­Շատ յա­րա­բե­րու­թիւն չու­նէի ան­կէ ա­ռաջ։ ­Բայց ինչ որ ը­րին՝ շատ ար­ժէ­քա­ւոր էր։ ­Կը զգամ մեծ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն, եւ կ­þու­զեմ ա­ռա­ջին ա­ռի­թով ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լել։

Քա­նի մը օր ա­ռաջ ­Յու­նաս­տա­նէն քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նու­թիւն խնդրե­ցիք։ Ո՞ւր հա­սած է այս հո­լո­վոյ­թը ։ Ո՞րն էր պատ­ճա­ռը, որ մեր եր­կի­րը ընտ­րե­ցիք։

Հի­նէն ի վեր ­Յու­նաս­տա­նին հետ սէր եւ մօ­տի­կու­թիւն ու­նիմ։ ­Շատ ան­գամ այ­ցե­լած եմ Յու­նաս­տան եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Ե­գէա­կա­նի կղզի­նե­րը, որ շատ մօտ են իմ գիւ­ղիս։ ­Դի­մա­ցէն կը տես­նեմ, շատ հե­ռա­նալ չեմ ու­զեր իմ գիւ­ղէս, ո­րով­հե­տեւ ին­ծի հա­մար կեան­քիս կեդ­րոնն է Շի­րին­ճէ գիւ­ղը եւ ա­նոր մօտ մնալ կը նա­խընտ­րեմ։ Ար­դէն 6 ամ­սո­ւան հա­մար տրո­ւած է ին­ծի առ­ժա­մեայ ա­պաս­տա­նու­թեան ի­րա­ւունք եւ կը յու­սամ որ 6-7 ա­մի­սէն պի­տի կա­րո­ղա­նամ կա­րե­նամ ստա­նալ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նու­թիւն։

Ո­րո՞նք են ձեր ծրա­գիր­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը, զորս կը մտա­ծէք ի­րա­կա­նաց­նել, շա­րու­նա­կե­լով ձեր կեան­քը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։

Ա­ռա­ջի­նը՝ ո­րոշ գոր­ծեր եւ գիր­քեր ու­նիմ ձեռ­քիս տակ եւ կ­՚ու­զեմ քա­նի մը ա­միս ինք­զինքս մե­կու­սաց­նել եւ գիր­քե­րուս վրայ աշ­խա­տիլ։ Եր­կորդ՝ ­Թուր­քիոյ մէջ հի­մա հա­րիւր­նե­րով ա­կա­դե­մի­կոս­ներ կամ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ կան, ո­րոնք վա­խի մէջ են եւ կ­՚ու­զեն ա­ւե­լի ա­զատ մթնո­լոր­տի մէջ գոր­ծել։ Ա­նոնց հա­մար կ­՚ու­զեմ տե­սակ մը դպրոց մը հիմ­նել, կրնայ ըլ­լալ Սա­մոս կղզիի վրայ։ ­Մեծ յոյսս այդ է։ Ա­տոր մա­սին աշ­խա­տիլ, քա­նի մը հո­գիով միա­նալ եւ հե­տա­գա­յին նոյ­նիսկ կա­րե­լի է մեր գիւ­ղին մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով՝ ա­սի­կա միաց­նենք դէմ-դի­մաց։

Շի­րին­ճէի մէջ ձեր աշ­խա­տան­քը ի՞նչ ե­ղած է։ Ի՞նչ է ձեր պատ­կե­րա­ցու­մը։

Շի­րին­ճէ գիւ­ղին մէջ հին պատ­մա­կան տու­նե­րը նո­րո­գե­լով եւ մեծ պար­տէզ­նե­րու մէջ նոր գիւ­ղա­կան շատ պարզ տու­ներ կա­ռու­ցա­նե­լով, վե­րա­նո­րո­գե­լով կամ նոր շի­նե­լով՝ հիւ­րա­նոց մը հիմ­նած ենք։ «Ն­շա­նեան Օ­թել» է ա­նու­նը։ Այդ աշ­խա­տան­քը կը տա­նի իմ նախ­կին կինս։ Ե­րեք զա­ւակ­ներս ալ հոն են եւ հիւ­րա­նո­ցը կը շա­րու­նա­կէ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս աշ­խա­տիլ։
Շի­րին­ճէ գիւ­ղէն քիչ մը դուրս ալ ու­սո­ղա­կան (mathematical) գիւղ մը կազ­մած ենք ըն­կե­րոջս՝ Ա­լի Նէ­սի­նին հետ, որ ­Թուր­քիոյ ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր ու­սողն (mathematician) է։
Ա­սի­կա ա­մառ­նա­յին դպրոց-հաս­տա­տու­թիւն մըն է, որ ներ­կա­յիս կը գոր­ծէ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։ ­Շատ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած հաս­տա­տու­թիւն է. ա­նոր քով կազ­մած ենք փի­լի­սո­փա­յու­թեան հիմ­նարկ մը եւ թատ­րո­նի դպրոց։
Ա­պա­գա­յին կրնայ հնա­գի­տա­կան բա­ժան­մունք մըն ալ ա­ւել­նալ։ ­Հոն կը հա­մախմ­բո­ւին բո­լոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րը եւ կրթա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ա­մէ­նէն բարձր եւ յա­ռաջ­դի­մա­կան մա­կար­դա­կը ու­նի։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ մեծ թի­ւով ու­սա­նող­ներ կու գան շատ մը շրջան­նե­րէ եւ այլ եր­կիր­նե­րէ։ Ա­զատ գա­ղա­փար­ներ ու­նե­ցող մար­դիկ կ­՚ու­զեն ­Շի­րին­ճէ գալ։ Այս օ­րե­րուս, մէկ շաբ­թո­ւան ու­սում­նա­րան մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Պ­ղա­տո­նի մա­սին։ ­Վաթ­սու­նի մօտ ա­շա­կերտ­ներ, վար­ժա­պետ­ներ, զե­կու­ցա­բեր­ներ կը մաս­նակ­ցին։ ­Հա­մալ­սա­րա­նի մա­կար­դա­կի ա­մառ­նա­յին դպրո­ցը, ու­սո­ղու­թեան (mathematics) դպրո­ցը կը հա­մախմ­բէ յի­սու­նի մօտ նշա­նա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնք աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն կու­գան դաս տա­լու։

Սե­ւա՛ն, ի՞նչ կ­՚ու­զէիր իբ­րեւ պատ­գամ փո­խան­ցել բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են քեզ­մով եւ կը զօ­րակ­ցին քե­զի։

Ա­զա­տու­թիւ­նը ար­տա­քին պայ­ման­նե­րուն հետ կապ չու­նի։ ­Հո­գիդ պէտք է ա­զատ ըլ­լայ։
Բան­տը շատ մեծ տար­բե­րու­թիւն չ­՚ը­ներ։ ­Բան­տի մէջ կրնաս շա­րու­նա­կել ա­զատ ըլ­լալ։ Կա­րե­ւո­րը՝ գի­ծը պա­հելն է։

Վերահրապարակումներում` մտքերն ու ինֆորմացիան կարող են չհամընկնել խմբագրության տեսակետի հետ: Ձեր տեսակետը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին
Քաղաքականություն ավելին