Շանթ Ոսկերիչեանի Երեւանի օդակայանէն արտաքսման և Հայաստան մուտքի արգելքի մասին Արա Թորանեանի կեցուածքը ամբողջովին կը բաժնեմ։
Սփիուռքին ուղղուած նոր պատգամն է այս՝ «եթէ իշխանութեան հետ չես, Հայրենիքի դաւաճան ես։»
Ո՛չ Շանթի անձին և ո՛չ ալ Վերածնունդի պաշտպանութեան հարց է այս մէկը։ Մտքի ազատութեան պաշտպանութիւնը բոլորիս հարցն է։ Թէ ոչ՝ Սովետ Միութեան օրերուն կը վերադառնանք։ Հայրենիքի հարազատ եւ խորթ զաւակներու կը վերածուինք։