Միշտ ալ ՀԱՄԱԽՈՀՆԵՐ, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑՆԵՐ կը հանդիպին իրարու, նոյնիսկ այս տարածքին վրայ եւ կը կազմեն ԿՈՐԻԶ մը՝ միեւնոյն ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ կրող, միեւնոյն ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ դաւանող: Նմանատիպ ԿՈՐԻԶՆԵՐ կազմելով, կարելի է ընդարձակել, նոր ոյժ ու որակ տալ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՐԻ զարգացման: Նոր սլացք տալ բարոյական-հոգեւոր-մշակութային այն արժէքներուն, որոնք պիտի կարենան ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ՄԵԶ ՄԵՐ ԷՈՒԹԵԱՆ, նորովի սահմանել ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ, ԿՈՉՈՒՄԸ, ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ: Նոր ճանապարհներ որոնել հասնելու այդ ԳԵՐՆՊԱՏԱԿԻՆ:
Մենք անպայման գտնելու ենք ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ` առանց ուրիշէն մուրալու զայն, առանց ուրիշին վրայ բեռցնելու անոր պատասխանատուութիւնը կամ տնօրինումը: ՄԵՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՄԵԶՄԷ Է ԿԱԽԵԱԼ ԳԵՐԱԶԱՆՑՕՐԷՆ:
Ֆեյսբուք