ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ
16 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց վարչապետը իր ընտրութեան առիթով, ողջունեց նորակազմ կառավարութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին ի սպաս Հայաստանի առաւել ծաղկման ու հզօրացման։