Հալէպի մէջ այսօր եղած հրթիռարաձկումներուն հետեւանքով հայորդի մը վիրաւորուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի, իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ Նոր գիւղի մէջ վիրաւորուողը կը կոչուի Գարլոս Ֆերմանեան ( 1997-ի ծնունդ):
Գարլոսի կողքին վիրաւորուած է անոր մայրը Նաուալ Ապտոն: Յիշեցնենք, որ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի տարբեր շրջաններու կողքին հայկական թաղամասերը եւս կ'ենթարկուին հրթիռարձակումներու: