Ոմանք տեւաբար կը գանգատին, կը դժգոհին, հոգ չէ թէ՝ բարենպաստ ու բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ըլլան, հոգ չէ թէ զրկուած չըլլան ԲՆՈՒԹԵԱՆ շնորհած բերք ու բարիքէն: Ուրիշներ կան, որոնք չունին այդ պայմանները, սակայն գիտեն՝ մէկ տերեւին մէջ անգամ զգալ ամբողջ ծառին փարթամութիւնը, մէկ ծառին մէջ զգալ համակ ԲՆՈՒԹԵԱՆ բաբախուն շունչն ու տրոփը: Իրականութեան մէջ, մարդ էակը ի՛նք կը ստեղծէ իր ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ` քիչին մէջ շատը տեսնելով կամ՝ իր ԱՊԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ շատին մէջ քիչը միայն տեսնելով: ՄԱՐԴԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՐՈՒՍՏ ՀՈԳԻ, ԷԱՊԷՍ ԵՐՋԱՆԻԿ ԶԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:
Ֆեյսբուք