«ՔԵԶ, ՀԱՅ ԼԵԶՈՒ՛, ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՄՐԳԱՍՏԱՆԻ ՄԸ ՆՄԱՆ»....Կ'ըսէ Վահան Թէքէեան, քանզի Լեզուն, տարագիր արեւմտահայութեան պարագային, եղած է ՈԳԵՂԷՆ հայրենիք մը, բռնագրաւուած հայրենիքի ոգին, յիշողութիւնը, նկարագիրը, մշակոյթը համակ....եւ տարագիր մեր ժողովուրդը անսահման սիրով, գուրգուրանքով փարած է իր լեզուին, զայն խնամած է մրգաստանի մը նման, զայն պաշտպանած է օտար հողմերէն ու փոթորիկներէն, ոռոգած է զայն իր սրտի արիւնով ու արցունքով....քանզի ԼԵԶՈՒՆ մնացած է այն միակ ԳԱՆՁԸ անկողոպտելի, որ կարենայ հարազատօրէն ցոլացնել իր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ Սփիւռքի օտար ափերուն....Տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ, ՀԱՅ ՀՈՂԻՆ այրող կարօտը, անոր կորուստին առթած ցասման վրէժը, ազգային արժանապատուութիւնը, ՀԱՅ ՄՆԱԼՈՒ եւ ԱՊՐԵԼՈՒ ՏԵՆԴԸ մղած են «փոշի ազգ» դարձած Սփիւռքը՝ ամրօրէն կառչելու իր ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՄԱՏԻՆ՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ, որպէս հաց հանապազօրեայ, որպէս սերունդներու ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՕՂԱԿ....Որպէս «ՏՈՒՆԸ ՀԱՅՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐՈՒՆ», որպէս ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Ֆեյսբուք