Նոր գաղափարներու ՍՈՎ է կարծէք, աշխարհով մէկ: Մարդկային գիտակցութիւնը այնքան է տարրականացած, մակերեսայնացած, որ կարծէք ա՛լ ի զօրու չէ նոր գաղափարներ մտայղանալու, որոնք կարենան յեղաշրջել մարդկային գիտակցութիւնը, նոր որակ բերել մարդկային կեանքին:
Իսկ ամէն յառաջդիմութիւն կը սկսի ԳԱՂԱՓԱՐԻ մը հունտով, որ բեղմնաւորուելով կու տայ բազում պտուղներ, մարդկային զարգացման նոր հորիզոններ բանալով: ԱԶԳԱՅԻՆ մեր ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ալ այնքան լճացած է, ճահճացած, որ նոր փոթորիկ մը, գուցէ նոր ցնցում մըն է անհրաժեշտ, որպէսզի կարենայ ան նոր թռիչք մը հնարաւորել....Բայց երանի՛ թէ այդ ցնցում-փոթորիկը չսասանէ մեր պետականութեան հիմքերը, կործանարար չըլլայ մեր ժողովուրդին: