Մեր դարու ախտերէն մէկը՝ ՑՈՒՑԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ, յանուն որուն շատեր տասը կտոր կ'ըլլան, կը տքնին, կը յոգնին, դրամ կը մսխեն՝ ձեւի համար, ցուցամոլութեան մարմաջը գոհացնելու համար: Ցուցամոլութիւն չէ՞ ամէնէն շքեղ ինքնաշարժով երթեւեկելը, դղեականման բնակարան ունենալը, շատ թանկ գոհարեղէն կրելը, շարունակ նկարահանուիլը եւ զայն ի ցոյց հանելը եւ շատ ու շատ նման բաներ, որոնց թակարդին մէջ կ'իյնանք բոլորս ալ՝ այս կամ այն չափով, յագուրդ տալու գերազանցօրէն մեր ցուցամոլութեան...