«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենաշատ օգտագործուող օտար լեզուներու աղիւսակը, որուն մէջ կայ նաեւ հայերէնը: Ցանկը կազմուած է 1980 թուականէն ի վեր արձանագրուած ժողովրդագրական տուեալներուն հիման վրայ: Գրում է yerakouyn.am-ը՝ հղում անելով «Ասպարէզ»-ին: Կը նշուի, որ 1980ին Միացեալ Նահանգներու մէջ, անգլերէնէն բացի, ամենաշատ գործածուող լեզուները եղած են սպաներէնը, իտալերէնը, ֆրանսերէնը եւ գերմաներէնը, իսկ 2010ին՝ սպաներէնը, չինարէնը, ֆրանսերէնը, թակալոկը եւ վիեթնամերէնը:
Ցանկին մէջ ներառուած են 17 լեզուներ, որոնց մէջ է հայերէնը, որուն օգտագործումը աճ արձանագրած է 1980 էն ի վեր: