Ֆրանսիայի Կեդրոն շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցիների ծխական խորհուրդները նամակ են հղել Թեմական պատգամավորական ժողովի նախագահին` կապված Ֆրանսիայի թեմի առաջնորդ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարյանի՝ Գարեգին Բ կաթողիկոսին ուղղած հրաժարականի դիմումի հետ, որի պատճառը, համաձայն տեղեկությունների, վերջինիս հետ ունեցած լարված հարաբերություններն էին` կապված Նիցցայի նախկին ծխական քահանա հայր Վաչեի հետ:
Նամակը արևմտահայերենով ներկայացնում ենք ստորև.
Յարգելի Պարոն Նախագահ՝
Շուրջ տասնեակ մը տարիէ ի վեր, մեր Եկեղեցին կը մխրճուի կառուցային եւ յարաբերութիւններու տագնապի մը մեջ, ցաւ պատճառելով իր ամենէն հաւատարիմ ծառաներուն, անոնք ըլլան կղերական կամ աշխարհական։ Քայքայման այս վիճակը հետեւանք է իշխանական եւ բռնակալ կեծուածքներու, ինչպէս նաւ խորհրդային ժամանակաշրջանէն ժառանգուած գործելակերպերու, զորս ներկայի Կաթողիկոսը դժբախտաբար կը ցուցաբերէ, պատճառ դառնալով արժանաւոր բազմաթիւ կղերականներու հեռացումին։ Այսօր, Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականէն ետք, այլեւս չենք կրնար շարունակել ծածուկ լեզուի /langue de bois/ օգտագործումը, այնքա՛ն խոր է անհանգստութիւնը. Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել եւ պահպանել նախնիներուն կառուցածը։
Ափսոսալով հանդերձ՝ կը յարգենք Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարելու որոշումը։ Մեր նպատակը՝ այս հրաժարականէն օգտուելով՝ մեր եկեղեցին ա՛լ աւելի սասանելը չէ, բայց եւ այնպէս՝ մեր Թեմակալ Առաջնորդին ենթարկուած նուաստացումը կհամարենք համայն Ֆրանսայի հայ առաքելական համայնքի նուաստացումը։
Ի մօտոյ, Թեմական խորհուրդը պիտի կազմակերպէ թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւներ։ Ծանօթ է, որ ընտրութիւներու գծով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործելակերպը միշտ ալ անկողմնակալ չէ, առաջքը առնելու համար հաւանական կամայական որոշումներու, պիտի ընենք ամէն ինչ, որպէսզի թեմական պատգամաւորները իրենց դերը լիուլի խաղան։ Ինչը կը վերաբերի այն պատճառներուն, որոնք առաջնորդեցին այս ընտրութեան՝ կ՛ուզենք ընդգծել, որ մեր Առաջնորդին հրաժարման արդիւ Թեմական խորհուրդը թեթեւ մօտեցում ցուցաբերեց հարցին նկատմամբ՝ հրապարակելով հաղորդագրութիւններ եւ Էջմիածնի հետ փախանակելով նամակներ՝ հապճեպ եւ շփոթ կերպով, առանց երբեք դիմելու Պատգամաւորական ժողովին։ Նման պարագայի մը՝ նուազագոյնը պիտի ըլլար հրաւիրել Պատգամաւորական ժողովի մը գումարումը. Նորվան Արք.ի հրաժարականը ընդունելու եւ անոր հետեւանքներուն նկատմամբ առնուելիք միջոցները որոշելու համար։
Նկատի ունենալով մեր Առաջնորդին եւ մեր համայնքին ուղղուած նախատինքին ծանկրակշիռ բնույթը, կ՛ուզենք որ այս նամակը փոխանցուի Կաթողիկոսին եւ Ան՝ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէ մեր Առաջնորդէն։ Մեր կարծիքով. Ներողութիւնը ընտրական որեւէ գործընթացի սկզբնական քայլը պետք է հանդիսանայ։
Մայր Աթոռը կը հրաւիրենք ընտրելու իմաստութեան ճամբան։ Հայ ժողովուրդը չի կրնար հանդուրժել իր Եկեղեցւոյ կողմէ ի գործ դրուող չարաշահումներու, շահադիտութեան, կամայականութեան եւ լռութեան։ Այդուամենայնիւ. Մենք կը շարունակենք մեր եկեղեցիները մատակարարելու մեր յանձնառութիւնը. Ինչպէս նաեւ խաղաղեցնելու՝ մեր հաւատացյալնները։
Յարգելի Պարոն նախագահ, Ընդունեցէք մեր յարգանքներուն հաւաստիքը։ Ստորագրությունները՝ առկից։
Առկից.- Կեդրոն շրջանի՝ Լիոնի, Տէսինի, Կրընոպլի, Սէն թ՛Էթիէնի, Վիէնի, Շարվիէօյի եւ Վալանսի Ծխական խորհուրդներու նախագահներու կամ ներկայացուցիչներու ստորագրությունները.