ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆԵՐ....Որքան մեծ, վճռորոշ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ է վստահուած ձեզի, մանաւանդ Սփիւռքի այս օտար ափերուն վրայ: Մարդակերտումին զուգընթաց, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ սրբազնագոյն առաքելութիւնն է վստահուած ձեզի....ՀԱՅԸ ԿԵՐՏԵԼՈՒ, անոր մէջ ազգային-բարոյական-մշակութային ԱՐԺԷՔՆԵՐ սերմանելու ԱՊԱԳԱՅԱԿԵՐՏ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ: Ուսուցչութիւնը՝ էապէս, կեանքը ճիշդ ապրելու արուեստն է որ կը սորվեցնէ մատշաղ հոգիներուն....իսկ հայ ուսուցիչը՝ նաեւ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅՕՐԷՆ ԱՊՐԵԼՈՒ վսեմ արուեստը...Բոլոր ժամանակներու ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՆ էք դուք, սիրելի հայ ուսուցիչներ, ձեզի կը մաղթեմ ԱՆՍՊԱՌ ԵՌԱՆԴ, ԿՈՐՈՎ, ՍԷՐ ՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ՝ ՁԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ....
Ֆեյսբուք