▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Սեւան Նշանեանը Հունաստանում կացության իրավունք ստացավ

Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Յունաստանի մէջ կեցութեան արտօնագիր ստացած է: Այս մասին Նշանեան գրառում մը կատարած է դիմատետրի իր էջով: Մտաւորականը նաեւ նշած է, թէ Աթէնքի իշխանութիւններուն մօտ քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակով կեցութեան արտօնագիր ստանալու վերաբերեալ դիմում կատարած է եւ այսօր ստացած է դրական պատասխան:

Յիշեցնենք, որ տարուան 17 ազատազրկման ենթակայ Նշանեան 3.5 տարի Թուրքիոյ տարբեր բանտերուն մէջ մնալէ ետք յաջողած էր խոյս տալ Իզմիրի մօտ եղող Ֆուջայի բանտէն:

Աւելի ուշ Նշանեան յայտարարած էր իր գտնուած վայրը եւ ըսած, որ հակառակ բոլոր տեսակի ճնշումներուն ինք պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան:

Աղբյուր՝ haydzayn.am

info@asekose.am/095519696
Հասարակություն далее