Ալեկոծ եւ խռովայոյզ պահեր կ'ապրի հայրենի մտաւորական, հրապարակագիր, Զորի Բալայեան: Անոր խռովքին պատճառը շատ հաւանաբար հայրենի իրականութեան այսօրուան իրավիճակն է: Զորիի սրտակէզ վիճակը կարելի է նշմարել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գրած նամակէն, զորս լոյս տեսաւ « Ղարաբաղի Խնդիրը Ռուսաստանի Խնդիրն է» խորագիրի տակ, մեր պաշտօնակից հայրենի «Ազգ» օրաթերթի 12 Հոկտեմբեր 2013 համարին մէջ: Մտահոգութիւն մը կայ անկասկած Զորի Բալայեանին մօտ՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային նկատմամբ: Շատ հաւանաբար այդ մտահոգութիւնն է զինք մղողը Ռուսիոյ նախագահէն պահանջելու Կիւլիստանի դաշնագիրին (1813) գործադրութիւնը: Զորիի նամակը, յատկապէս՝ վերջին պահանջը, բողոքի ու քննադատութեան լայն ալիք մը բարձրացուց անոր դէմ: Ոմանք մինչեւ իսկ Բալայեանը ամբաստանեցին Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ ազգային անվտանգութեան շահերը ոտնակոխելու յանցագործութեամբ: Արդար ըլլալու համար, Զորիի նամակին մէջ առկայ են որոշակի դրսեւորումներ: Սակայն երկարաշունչ այդ նամակին մէջ, ծանօթ մտաւորականը ոչ մէկ նշում կատարած է Արցախը Ռուսիոյ կազմին մէջ մտցնելու ուղղութեամբ:
Զորի Բալայեանի չափազանցութիւնը հետեւանք է մտահոգութեան, զորս կրնայ յստակօրէն արտայայտած չըլլալ իր նամակին մէջ, սակայն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատասխանը կու գայ բացայայտելու Զորիի մտահոգութիւններուն դրդապատճառները: Նախագահ Փութինի նամակը միաժամանակ պատասխան է Զորին քննադատողներուն:
Զորի Բալայեան, իր նամակին մէջ Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով վճռական միջամտութիւն մը կը պահանջէ Ռուսիայէն, վերյշեցնելով՝ ցարական Ռուսիոյ ժամանակաշրջանէն Արցախի հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը: Նամակին ոճն ու մօտեցման եղանակը մեկնաբանութիւններու դուռ կրնայ բանալ շատերու մօտ : Օրինակի համար ինչո՞ւ յայտնապէս վերադառնալ Կիւլիստանի դաշնագրին (1813): Առաջին ընթերցանութեամբ շատ դիւրին պիտի ըլլայ քննադատել Զորին: Սակայն տողատակի անհրաժեշտ է կարդալ անոր ընդվզումը, որոնք աւելի հասկնալի կը դառնան նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատասխանին մէջ: Այն ինչ, Զորի Բալայեան չէր յայտնած, կամ չէր կրնար արտայայտել, Ռուսիոյ նախագահը, բացայայտօրէն կը թուարկէ զանոնք: Կարծէք համադրութիւն գոյութիւն ունենար անոնց միջեւ: Բալայեան, Կիւլիստանի դաշնագիրը վկայակոչելով, երկուստեք՝ Ռուսիան եւ Հայաստանը կը զգուշացնէ պանթուրքիզմի սպառնալիքէն: Նախագահ Փութին կը գիտակցի պանթուրքիզմի սպառնալիքը, սակայն իր սեփական ուժերուն ապաւինելու կոչ կ'ուղղէ հայ ժողովուրդին:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատկանելիութեան մասին, Ճիշդ հարցադրում կը կատարէ Զորի Բալայեան, երբ կը հարցնէ.« Ո՞վ է որոշել խորհրդային պետութիւնների պատմական սահմանները» Քաջ գիտնալով, որ անոնք մեծամասնութեամբ պայմանական էին: Բալայեան ցաւ կը յայտնէ.« Այսօր գրեթէ չկան հայեր Նախիջեւանի մէջ» եւ կը վերյիշէ Սթալինի մէկ խօսքը՝ չկայ մարդը, չկայ խնդիրը..: Զորիի եւ Սթալինը խօսքերը վերլուծելով, նախագահ Վլատիմիր Փութին նախ կը հաստատէ Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը եւ սակայն հարց կու տայ, թէ ին՞չ կը կատարուի Արցախը հայաբնակ դարձնելու համար: Փութին խստիւ կը քննադատէ Հայաստանէն արտագաղթի տխուր իրողութիւնը եւ միաժամանակ կը ներկայացնէ զայն կասեցնելու ախտաճանաչումը:
Ճիշդ կ'ըսէ Զօրին՝ այսօրուան Ատրպէյճանի տարածութեան կարեւոր մասերը պատմականօրէն եղած են հայկական տարածութիւն: Կիւլիստանի դաշինքը շեշտելով, ան դիտել կու տայ, թէ Պարսկաստանէն ցարական Ռուսաստանին անցած տարածութիւններուն վրայ, հայ ժողովուրդը յաջողած է պահպանել իր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը: Բալայեան նաեւ կը հաստատէ, թէ Ռուսաստանը՝ Մեծն Պետրոսի օրերէն մինչեւ հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, անհեթեթութիւն կը նկատէր Ղարաբաղը դիտել Հայաստանէն աջնատ տարածութիւն: Փաստօրէն, զարգացող թուրք-ազերիական գործակցութեան դէմ ռուսական պաշտպանութեան կը փորձէ ապաւինիլ Զորի Բալայեան, բայց ոչ՝ գերիշխանութենէ զիջում: Ան մտահոգ է Կովկասի մէջ թուրք-ազերիական վտանգէն.« Պարսից Ծովու մէջ այսօր կը ծածանին հինգ դրօշներ: Իրանին ամենաշատ հենց կ'անհանգստացնէ Ատրպէյճանի դրօշը». դիտել կու տայ Բալայեան
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ կը մատնանշէ արտագաղթը կասեցնելու, հզօր պետականութիւն կառուցելու, փտախտի դէմ պայքարելու, իրաւական համակարգը անկախացնելու մտահոգութիւնները : Փութին միանգամայն յստակութեամբ, կ'ընդգծէ, թէ նամակն ու աղերսը չեն լուծեր հողային պահանջատիրութիւնը, այլ՝ նահատակներու արիւնը եւ անմիջապէս կը բերէ Լեռնային Ղարաբաղի օրինակը: Փութին կը նշէ, թէ Ռուսիա առաջնորդուած է իր պետական շահերէն, եւ կը պահանջէ որ Հայաստան եւս ունենայ իր առաջնայնութիւնները եւ հետամուտ դառնայ անոնց հետապնդման: Մէկ խօսքով, դառնայ որոշումի տէր պետութիւն եւ զանազանէ իր շահերը.« Հայաստանի մէջ յաւերժականը հայ ազգն է». դիտել կու տայ Ռուսիոյ նախագահը: Ապա խօսելով թուրք-ազերիկան սպառնալիքին մասին, Փութին արդարօրէն հարց կու տայ.« Դուք ինչո՞ւ չէք հաւատար Ձեր ազգի հզօրացման»: Ու այստեղ Ռուսիոյ նախագահը կը բանայ էջեր...տխուր իրողութիւններու բաժին մը...:
Ընթերցելով Վլատիմիր Փութինի նամակը տեղ մը այն տպաւորութիւնը կ'ունենանք, թէ Ռուսիոյ նախագահը աւելի իրազեկ ու մտահոգ է մեր ժողովուրդին ցաւերուն, քան մենք.« ... Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը ծունկի բերած արցախահայութիւնը ,քսան տարի ետք տէր չի կանգնիր անոր... » ահա հարցադրում մը , որ կը խուսափինք քննարկել: Տակաւին աւելին.«... Ես ապշեցի. ուղիղ տասը տարի առաջ, երբ կազմալուծուած տասը հազարանոց իրաքահայ համայնքէն Ձեր հայրենակիցները եկան ոչ թէ Արցախի ազատագրուած եւ բերրի տարածքներ, այլ վերահաստատուեցին այլ երկրներում: Զարմաքնս կրկնուեց տասը տարի անց, երբ եօթանասուն հազարանոց կազմալուծուած սիրիահայ համայնքից նոյնպէս մատների վրայ հաշուող հայեր եկան Արցախ: Տակաւին ին'չ կարելի չէ հետեւցնել այս տողերէն.« Ես համաձան եմ, որ Արցախը բոլոր առումներով պատկանում է հայերիդ, սակայն մի խօսք կայ՝ հողը նրանն է, ով ապրում է այնտեղ: Դուք ՝ հայերդ, աւելի գերադասում էք ապրիլ Եւրոպայում... քան Ձեր հրաշակերտ Արցախում....այսքանից յետոյ կը խօսիք Նախիջեւանի կամ Արեւմտահայաստանի մասի՞ն, ծիծաղելի է». միանգամայն ...:
Որու՞ն ուղղուած են Ռուսիոյ նախագահին այս խօսքերը .« Մի նամակ ալ գրէք Ձեր ղեկավարութեանը՝ յիշեցնելով վերջիններիս, որ իրենց ոչ մէկը չի խանգարում, եւ ոչ մի Եւրոպա կամ ասոցմաման համաձայնագիր պէտք չէ, որպէսզի վերջիններս ստեղծեն իրաւահաւասար ու արդար երկիր, որտեղ ապրանքների եզակի ներկրողները չեն սահմանի իրենց ուզած գները, վերացնեն կոռուպցիան, մենաշնորհները, ստեղծեն արդար ու անկախ դատական համակարգ: Ահա այս պայմաններում կ'ունենաք բարեկեցիկ երկիր, կ'ունենաք արտագաղթի մասին մոռացած ժողովուրդ, կ'ունենաք հզօր եւ պաշտպանուած Արցախ, Ձեզ հայերիդ ոչ մի Կիւլիստան կամ Թուրքմենչա պէտք չէ..»:Փութին կը խօսի Ջաւախքի այսօրուան իրավիճակին մասին եւ կը զգուշացնէ, թէ Արցախի ապագայի իսկական վտանգը Ջաւախքի թրքացումն է եւ այս մասին կ'առաջարկէ քայլեր:.
Զորի Բալայեան գիտակցաբար կամ՝ ոչ կը բախէ դուռ մը: Պատասխանը կու գայ միանշանակ եւ մեկին: Նախագահ Փութին համազգային մտահոգութիւններ կը ներկայացնէ մեր ազգային «պարտականութիւնները» կրող վերնախաւին առջեւ: Ռուսիոյ նախագահին պատասխանը հայրենակերտումի եւ սթափութեան կոչ մըն է համայն հայութեան .« Հողը նրան է, ով ապրում է այնտեղ»: Հասկցողին շատ բան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հեղինակը 1986-էն մինչեւ 2001 տարբեր պաշտօններ ստանձնած է Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի մէջ: 2001-էն մինչեւ 2013 եղած է «Արարատ»ի գլխաւոր խմբագիրը:
Այժմ համացանցի վրայ ունի սեփական yerepouni-news.com եռալեզու կայքը, ինչպէս նաեւ խմբագիրն է Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Զարթօնք» օրաթերթին