▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Սեփական աչքով տեսա բոլոր ազգականներիս մահը

 

Պետևի Շուքրիի պատմությունը
Հաճն
Ցեղասպանությունը վերապրած Էմանուելը, որին հետագայում արաբ բեդվիններն այլ անուն են տվել, պատմել է Դեր-Զորի սարսափների մասին, թե ինչպես են գիշեր-ցերեկ, սոված-ծարավ քայլել: Մի օր էլ, հասնելով նշանակված վայրը, թուրքերը սկսել են հերթով մորթել հայերին ու լցնել մի մեծ փոսի մեջ: Գլխատել են նաև Էմանուելի մորը, իսկ ինքը միայն հրաշքով է ողջ մնացել՝ մի քանի օր մնալով փտող դիակների տակ:Պետեւի Շիւքրի
 
Քալեցինք, քանի շաբաթներ, քանի ամիսներ, Աստուած գիտէ: Մաքրութիւն, լուացք, լոգանք գոյութիւն չունէր:
 
Ծծկեր մայրեր կ՚ողբային որ չեն կրնար կաթ տալ իրենց երախաներուն: Ոջիլը սկսաւ տարածուիլ գրեթէ ամէն կողմ։ Բոլորին մազերը խուզեցին աղջիկ թէ տղայ, վերջ տալու համար ոջիլի համաճարակին:
 
Մեռելներ, երեխաներ թէ ծերեր, նետուեցան ճամբու եզերքին, հոս հոն, կեր դառնալու գիշատիչ կենդանիներու: Քանի մայրերու աղաղակներր լսուեցան, երբ տեսան իրենց ծծկեր մանուկներու դիակը խլուած իրենց կուրծքերէն։ Քանի երիտասարդ կիներ ողբացին իրենց ճահել ու ճիւան ամուսիններու անթաղ շիրիմներուն վրայ:
 
Թիֆօյիտը կը հնձէր արագօրէն: Առաւօտ մը շատ կանուխ քանի մը ոստիկաններ մօտեցան մեր կառքերուն, հրահանգեցին բոլոր 30 տարեկանէն վեր էրիկ-մարղոց, որ հաւաքուին որոշուած վայր մը։ Հայրս, հօրեղբայրներս, մեծ հայրիկս հետեւեցան ցուցմունքին։
 
Հայրս չմեկնած մօտեցաւ մօրս, նայեցաւ աչքերուն, արցունք կար հօրս աչքերուն մէջ, գրկեց համբուրեց զիս, քրոջս Մայրանոյշին, մօրը ձեռքը համբուրեց ու մօրս ճակատը եւ ըսաւ. «տէր եղէք տղուս ու աղջկաս եւ դուք ձեզի, Աստուած հետերնիդ»։
 
Հայրս կը զգար, որ ալ պիտի չտեսնէր մեզ եւ ալ պիտի չվերադառնար։
 
Քանի մը շաբաթներ ետք շշուկ մը տարածուեցաւ հաց ու ջուր ծախող արաբ պետեւիները կամ գնչուները տեսեր էին, որ այս տարած մարդոց, փոս փորել տուած էին եւ զիրենք ողջ-ողջ թաղած էին անոնց մէջ, վրանին ծանր հող ու քարեր տեղացնելով:
 
Մեծ մայրիկս, մայրս, հօրեղբօրս կիները դառնօրէն լացին։ Ամիսներ ետք ստուգեցինք, որ ճիշդ էր կատարուածը։ Տեղ-տեղ փոսերու մէջ նետելով անգթօրէն, անխղճօրէն սպաննած էին բոլորը:
 
Առաւօտ մը երբ դարձեալ մեկնելու հրամանը տրուեցաւ, յանկարծ չես գիտեր ուրտեղէն մէկը եկաւ, ինչպէս արագ մը մօրս ձեռքէն խլեցին քոյրս, Մայրանոյշը, ու բերանը գոցելով տարին. խելակորոյս մօրս աղաղակները անտեսելով: Տարին իմ 16-ամեայ, սիրուն ու չքնաղ Մայրանոյշս, նոյնիսկ չլսեցինք իր ձայնը վերջին անգամ…
 
Քալեցինք մօտաւորապէս կէս ժամ ու երբ արդէն կը մօտենայինք որոշուած վայրը, կը լսէինք աղիողորմ ճիչեր, մանուկներու, մայրերու, երիտասարդ աղջիկներու։
 
Զոյգ-զոյգ կեցած ոստիկաններ, տասնեակէ մը աւելի սուրերնին վեր կը ճօճէին ու կը խփէին, որու որ կ՚ուզես։ Գլխէն, ոտքէն, թեւէն, վիզէն, կուրծքէն, ուր որ հանդիպէր ու կը գլորէին խոշոր բացուած փոսի մը մէջ:
 
Ես իմ աչքերովս, մանկական անըմբռնելի միտքովս տեսայ, մէկիկ-մէկիկ խողխողումը, սպաննուիլը, սուինահար ըլլալը ու փոսին մէջ գլորուիլը իմ ազգականներուս: Մայրս յանկարծ չես գիտեր ինչ մղումով զիս իր ետին հրեց ու ըսաւ. «եաւրում դուն իմ ետեւս անցիր ես չտեսնեմ քու սպաննուիլդ»:
 
Ա՜խ, մայրիկս, սեղմեց զիս իր կուրծքին: Արցունք չկար, ամրողջ սէր էր, ամբողջ կեանք էր։ Ձեռք մը բաժնեց մեզի, մամա պոռացի, արդէն գլուխը մարմնէն անջատուած էր ու փոսը գլորեցին: Բոլոր ազգականներս փոսին մէջն էին։
 
Զիս սուինաւոր ոստիկան մը բռնեց եւ մէկ հարուածով տապալեց ու փոսը գլորեց։ Ժամեր սահեցան, օրեր անցան լուր չունիմ մութ ու խաւար էր չորսդին: Մեռելներ անթիւ մեռելներ իրարու վրայ։ Արիւն կը հոտէր: Այրած միսի հոտեր կու գային։ Ինչպէս կրցայ դիակներու վրայ կոխկռտելով վեր բարձրանալ, չեմ գիտեր։ Տեսայ երիտասարդ աղջիկ մը, որ կը փորձէր դիակներուն վրայէն վեր բարձրանալ: «Աղբայ ձառիցս բէյնէ», Հաճնոյ բարբառով կը խնդրէր որ ձեռքէն բռնեմ, չէի կրնար ձեռքս բաժնել միւս ձեռքէս։ Երիտասարդ աղջիկը ինկաւ մեռելներուն վրայ ու ալ չարթնցաւ։ Տեսայ ծերուկ մայրիկ մը, վերջին շունչը կը փչէր, ճիշդ քովս էր, աչքերուս մէջ նայեցաւ պաղատագին ու գնաց միացաւ իր սիրելիներուն: Ես մերկ ու ծարաւ, միայնակ սպասեցի ճակատագրիս:
 
Աղօթքս հազիւ վերջացուցած էի, տեսայ որ շրջապատուած եմ քանի մը ձիաւորներէ։ Ձիաւորները թուրքեր չէին, արաբ պետեւիներ, որոնք եկած էին աւար տանելու: Ձիաւորներէն մէկը մօտեցաւ ինծի որպէսզի վերջ տայ կեանքիս, բայց միւս արաբ ձիաւորը չթողուց: Իջաւ ձիէն եւ ձեռքը գլխուս վրան դնելով ըսաւ. տղաս, մի վախնար, ես քեզի տէր պիտի ըլլամ։Հասանք վրանները, զիս ազատող պետեւին վար առաւ զիս ձիէն մեծ խնամքով: Իրեն մօտեցան իր կինն ու վեց մատղաշ աղջիկները, որոնք երեսնին ծածկած էին: Յետոյ քանի մը կիներ եւս ներս մտան, անոնցմէ մէկը մօտեցաւ ինծի գրկեց եւ Հաճնոյ բարբառով կամացուկ մը ինծի ըսաւ. Ախբա՛յ, մի վախէ էսոնք էրինտ մարդիկ են: Եղբա՛յր, մի վախնար ասոնք բարի մարդիկ են։ Յետոյ իմացայ, որ ինքը Տումանենց աղջիկն էր, պետեւի արաբ մը այս վրաններէն փախցուցած էր զինք եւ ըրած էր իր կինը։
 
Ալի-Ապտուլ-Ռահման իմ փրկարարս, բերաւ գաւաթ մը կաթ եւ սկսաւ կամաց-կամաց խմցնել, կիները տաք ջուր բերին, արաբը ձեռքս լուաց տաք ջուրով եւ բաւական դժուարութեամբ զատեց մէկ ձեռքս միւսէն։ Յետոյ բերին աղ եւ վիրաւորուած ձախ ձեռքիս վրայ թափեցին, յետոյ սոխ եւ հաւկիթ իրար խառնելով ձեռքիս վրայ դրին որպէս «մէհլէմ»։ Այսպէս քանի մը շաբաթներ ամէն օր այս «մէհլէմ»-ը ձեռքիս վրայ դրին ու քանի մը շաբաթէն ձեռքս աղէկցաւ:
 
Ալի-Ապտուլ-Ռահման, քանի մը ամիսներէ ետք քովս մօտեցաւ շատ քնքշութեամբ շոյեց գլուխս ու ըսաւ. Տղա՛ս, փառք կու տամ Ալլահին, որ քեզ գտայ, ես վեց աղջիկներու հայր եմ, Ալլահը չի պարգեւեց ինծի մանչ զաւակ մը, ասկէ ետք դուն իմ զաւակս պիտի ըլլաս, ասկէ ետք քու անունդ «Էմմանուէլ» չէ, այլ պիտի կոչուիս «Շիւքրի»: Քեզ սիւննէթ պիտի ընենք մեր իսլամական սովորութեանց համեմատ, ամէն օր պիտի արտասանես քեզի սորվեցնելիք աղօթքս, փառք պիտի տաս մեր Մուհամմէտ մեծ Մարգարէին եւ քեզ ստեղծող Ալլահին։
 
Ամէն առաւօտ արեւածագին, հօրս հետ միասին կը տանէինք հօտը, դէպի կանաչազարդ դաշտեր, արածելու համար հօրս ոչխարները:
 
Վրանին մէջ կը բնակէինք ես, հայրս, մայրս, վեց քոյրերս:
 
Յարութիւն Յովակիմեան, Լիբանանի Զահլէ քաղաքէն, սեփականատէր, Զահլէի «Օթէլ Լիպան» պանդոկին։ Այս մեծ ու ազնուահոգի մարդը իր սրբազան գործը սեպած էր, երթալ Տէր-Էլ-Զօրի անապատները, ջարդուած ու սպաննուած հայերու ոսկորները գտնել անապատի աւազներուն մէջ, եւ յետոյ գտնել նաեւ այն հայ աղջիկներն ու տղաքը, որոնք գողցուած, ծախուած կամ որդեգրուած էին արաբ պետեւիներէն։
 
Յարութիւն Յովակիմեան կը սկսի հարցուփորձել Շիւքրին եւ գրգռել յիշողութիւնը։ Շիւքրին կը սկսի պատմել եւ պատմած ատենը կը հեծկլտայ…
 
Երկու ամիս ետք, Յարութիւն Յովակիմեան դարձեալ ճամբայ կ՚ելլէ, Տէր–Էլ-Զօրի անապատները նոյն առաքելութեամբ։ Շիւքրին կ՚արածէր ոչխարները, երբ զարմացած կը տեսնէ Յովակիմեանը, իր դէմը կանգնած: Կ՚ուրախանայ իր բարեկամը եկած էր դարձեալ իրեն տեսնելու։ Տաք-տաք ողջագուրումէն ետք Յովակիմեան կը պատմէ Շիւքրիին իր քրոջ մասին, որ կ՚ապրի Պէյրութի մէջ, ամուսնացած է զաւակներու տէր:  «Ես քու հարազատ քոյրդ գտայ, ես քեզ պիտի տանիմ Պէյրութ եւ դուն պիտի տեսնես քոյրդ, հայեր, հաճընցիներ»։ Շիւքրի անդադար կը կրկնէ նոյն խօսքը. «ես չեմ հաւատար, ես տեսայ բոլորը մորթեցին»:
 
1933 Յունուար 2, ինքնաշարժ մը կը կենայ պետեւիներուն վրաններուն առջեւ։ Այս ինքնաշարժը եկած էր տանելու Շիւքրին Պէյրութ։
 
Շիւքրի ունէր հարիւրէ աւելի ոչխարներ, արօտավայր եւ բաւական ոսկի թաղուած հողին տակ: Ունէր նաեւ կին մը եւ երկու զաւակներ, Ալի եւ Խատիճէ…
 
1934 Փետրուար 15–ին Շիւքրին կ՚ամուսնանայ Էլիզ Շխրտըմեանին հետ եւ կը բախտաւորուին 6 զաւակներով, 17 թոռնիկներով ու 3 թոռան զաւակներով։
 
Շիւքրին հայրենասէր հայ մը եղաւ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ: Ան ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚երթար աղօթելու…
 
Կորսնցնելով իր կեանքի ընկերը` Էլիզը, Շիւքրին 1970 Մայիս ամսուն փոխադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` հաստատվելով Քալիֆորնիայի Փասատինա քաղաքը, ուր իր մահկանացուն կնքեց 86 տարեկանին, Նոյեմբեր 9, 1986-ին:
 
«Պետեւին», Արաքսի Գոփուշեան-Թաթուլեան
 
Սան ՏիԷկօ, Քալիֆորնիա, 2000
 
 
Ազատեան Լ., Հայ որբերը մեծ եղեռնի, գիրք երրորդ, Լոս Անճելըս, 2002, 263 էջ, էջ 125-134:

Պետևի Շուքրիի պատմությունը

Հաճն

Ցեղասպանությունը վերապրած Էմանուելը, որին հետագայում արաբ բեդվիններն այլ անուն են տվել, պատմել է Դեր-Զորի սարսափների մասին, թե ինչպես են գիշեր-ցերեկ, սոված-ծարավ քայլել: Մի օր էլ, հասնելով նշանակված վայրը, թուրքերը սկսել են հերթով մորթել հայերին ու լցնել մի մեծ փոսի մեջ: Գլխատել են նաև Էմանուելի մորը, իսկ ինքը միայն հրաշքով է ողջ մնացել՝ մի քանի օր մնալով փտող դիակների տակ:Պետեւի Շիւքրի Քալեցինք, քանի շաբաթներ, քանի ամիսներ, Աստուած գիտէ: Մաքրութիւն, լուացք, լոգանք գոյութիւն չունէր: Ծծկեր մայրեր կ՚ողբային որ չեն կրնար կաթ տալ իրենց երախաներուն: Ոջիլը սկսաւ տարածուիլ գրեթէ ամէն կողմ։ Բոլորին մազերը խուզեցին աղջիկ թէ տղայ, վերջ տալու համար ոջիլի համաճարակին:

 Մեռելներ, երեխաներ թէ ծերեր, նետուեցան ճամբու եզերքին, հոս հոն, կեր դառնալու գիշատիչ կենդանիներու: Քանի մայրերու աղաղակներր լսուեցան, երբ տեսան իրենց ծծկեր մանուկներու դիակը խլուած իրենց կուրծքերէն։ Քանի երիտասարդ կիներ ողբացին իրենց ճահել ու ճիւան ամուսիններու անթաղ շիրիմներուն վրայ: Թիֆօյիտը կը հնձէր արագօրէն: Առաւօտ մը շատ կանուխ քանի մը ոստիկաններ մօտեցան մեր կառքերուն, հրահանգեցին բոլոր 30 տարեկանէն վեր էրիկ-մարղոց, որ հաւաքուին որոշուած վայր մը։

Հայրս, հօրեղբայրներս, մեծ հայրիկս հետեւեցան ցուցմունքին։ Հայրս չմեկնած մօտեցաւ մօրս, նայեցաւ աչքերուն, արցունք կար հօրս աչքերուն մէջ, գրկեց համբուրեց զիս, քրոջս Մայրանոյշին, մօրը ձեռքը համբուրեց ու մօրս ճակատը եւ ըսաւ. «տէր եղէք տղուս ու աղջկաս եւ դուք ձեզի, Աստուած հետերնիդ»։ Հայրս կը զգար, որ ալ պիտի չտեսնէր մեզ եւ ալ պիտի չվերադառնար։ Քանի մը շաբաթներ ետք շշուկ մը տարածուեցաւ հաց ու ջուր ծախող արաբ պետեւիները կամ գնչուները տեսեր էին, որ այս տարած մարդոց, փոս փորել տուած էին եւ զիրենք ողջ-ողջ թաղած էին անոնց մէջ, վրանին ծանր հող ու քարեր տեղացնելով: Մեծ մայրիկս, մայրս, հօրեղբօրս կիները դառնօրէն լացին։ Ամիսներ ետք ստուգեցինք, որ ճիշդ էր կատարուածը։ Տեղ-տեղ փոսերու մէջ նետելով անգթօրէն, անխղճօրէն սպաննած էին բոլորը: Առաւօտ մը երբ դարձեալ մեկնելու հրամանը տրուեցաւ, յանկարծ չես գիտեր ուրտեղէն մէկը եկաւ, ինչպէս արագ մը մօրս ձեռքէն խլեցին քոյրս, Մայրանոյշը, ու բերանը գոցելով տարին. խելակորոյս մօրս աղաղակները անտեսելով:

Տարին իմ 16-ամեայ, սիրուն ու չքնաղ Մայրանոյշս, նոյնիսկ չլսեցինք իր ձայնը վերջին անգամ… Քալեցինք մօտաւորապէս կէս ժամ ու երբ արդէն կը մօտենայինք որոշուած վայրը, կը լսէինք աղիողորմ ճիչեր, մանուկներու, մայրերու, երիտասարդ աղջիկներու։ Զոյգ-զոյգ կեցած ոստիկաններ, տասնեակէ մը աւելի սուրերնին վեր կը ճօճէին ու կը խփէին, որու որ կ՚ուզես։ Գլխէն, ոտքէն, թեւէն, վիզէն, կուրծքէն, ուր որ հանդիպէր ու կը գլորէին խոշոր բացուած փոսի մը մէջ: Ես իմ աչքերովս, մանկական անըմբռնելի միտքովս տեսայ, մէկիկ-մէկիկ խողխողումը, սպաննուիլը, սուինահար ըլլալը ու փոսին մէջ գլորուիլը իմ ազգականներուս: Մայրս յանկարծ չես գիտեր ինչ մղումով զիս իր ետին հրեց ու ըսաւ. «եաւրում դուն իմ ետեւս անցիր ես չտեսնեմ քու սպաննուիլդ»: Ա՜խ, մայրիկս, սեղմեց զիս իր կուրծքին: Արցունք չկար, ամրողջ սէր էր, ամբողջ կեանք էր։ Ձեռք մը բաժնեց մեզի, մամա պոռացի, արդէն գլուխը մարմնէն անջատուած էր ու փոսը գլորեցին: Բոլոր ազգականներս փոսին մէջն էին։ Զիս սուինաւոր ոստիկան մը բռնեց եւ մէկ հարուածով տապալեց ու փոսը գլորեց։ Ժամեր սահեցան, օրեր անցան լուր չունիմ մութ ու խաւար էր չորսդին: Մեռելներ անթիւ մեռելներ իրարու վրայ։ Արիւն կը հոտէր: Այրած միսի հոտեր կու գային։ Ինչպէս կրցայ դիակներու վրայ կոխկռտելով վեր բարձրանալ, չեմ գիտեր։ Տեսայ երիտասարդ աղջիկ մը, որ կը փորձէր դիակներուն վրայէն վեր բարձրանալ:

«Աղբայ ձառիցս բէյնէ», Հաճնոյ բարբառով կը խնդրէր որ ձեռքէն բռնեմ, չէի կրնար ձեռքս բաժնել միւս ձեռքէս։ Երիտասարդ աղջիկը ինկաւ մեռելներուն վրայ ու ալ չարթնցաւ։ Տեսայ ծերուկ մայրիկ մը, վերջին շունչը կը փչէր, ճիշդ քովս էր, աչքերուս մէջ նայեցաւ պաղատագին ու գնաց միացաւ իր սիրելիներուն: Ես մերկ ու ծարաւ, միայնակ սպասեցի ճակատագրիս: Աղօթքս հազիւ վերջացուցած էի, տեսայ որ շրջապատուած եմ քանի մը ձիաւորներէ։ Ձիաւորները թուրքեր չէին, արաբ պետեւիներ, որոնք եկած էին աւար տանելու: Ձիաւորներէն մէկը մօտեցաւ ինծի որպէսզի վերջ տայ կեանքիս, բայց միւս արաբ ձիաւորը չթողուց: Իջաւ ձիէն եւ ձեռքը գլխուս վրան դնելով ըսաւ. տղաս, մի վախնար, ես քեզի տէր պիտի ըլլամ։Հասանք վրանները, զիս ազատող պետեւին վար առաւ զիս ձիէն մեծ խնամքով: Իրեն մօտեցան իր կինն ու վեց մատղաշ աղջիկները, որոնք երեսնին ծածկած էին: Յետոյ քանի մը կիներ եւս ներս մտան, անոնցմէ մէկը մօտեցաւ ինծի գրկեց եւ Հաճնոյ բարբառով կամացուկ մը ինծի ըսաւ. Ախբա՛յ, մի վախէ էսոնք էրինտ մարդիկ են:

Եղբա՛յր, մի վախնար ասոնք բարի մարդիկ են։ Յետոյ իմացայ, որ ինքը Տումանենց աղջիկն էր, պետեւի արաբ մը այս վրաններէն փախցուցած էր զինք եւ ըրած էր իր կինը։ Ալի-Ապտուլ-Ռահման իմ փրկարարս, բերաւ գաւաթ մը կաթ եւ սկսաւ կամաց-կամաց խմցնել, կիները տաք ջուր բերին, արաբը ձեռքս լուաց տաք ջուրով եւ բաւական դժուարութեամբ զատեց մէկ ձեռքս միւսէն։ Յետոյ բերին աղ եւ վիրաւորուած ձախ ձեռքիս վրայ թափեցին, յետոյ սոխ եւ հաւկիթ իրար խառնելով ձեռքիս վրայ դրին որպէս «մէհլէմ»։ Այսպէս քանի մը շաբաթներ ամէն օր այս «մէհլէմ»-ը ձեռքիս վրայ դրին ու քանի մը շաբաթէն ձեռքս աղէկցաւ: Ալի-Ապտուլ-Ռահման, քանի մը ամիսներէ ետք քովս մօտեցաւ շատ քնքշութեամբ շոյեց գլուխս ու ըսաւ. Տղա՛ս, փառք կու տամ Ալլահին, որ քեզ գտայ, ես վեց աղջիկներու հայր եմ, Ալլահը չի պարգեւեց ինծի մանչ զաւակ մը, ասկէ ետք դուն իմ զաւակս պիտի ըլլաս, ասկէ ետք քու անունդ «Էմմանուէլ» չէ, այլ պիտի կոչուիս «Շիւքրի»:

Քեզ սիւննէթ պիտի ընենք մեր իսլամական սովորութեանց համեմատ, ամէն օր պիտի արտասանես քեզի սորվեցնելիք աղօթքս, փառք պիտի տաս մեր Մուհամմէտ մեծ Մարգարէին եւ քեզ ստեղծող Ալլահին։ Ամէն առաւօտ արեւածագին, հօրս հետ միասին կը տանէինք հօտը, դէպի կանաչազարդ դաշտեր, արածելու համար հօրս ոչխարները: Վրանին մէջ կը բնակէինք ես, հայրս, մայրս, վեց քոյրերս: Յարութիւն Յովակիմեան, Լիբանանի Զահլէ քաղաքէն, սեփականատէր, Զահլէի «Օթէլ Լիպան» պանդոկին։ Այս մեծ ու ազնուահոգի մարդը իր սրբազան գործը սեպած էր, երթալ Տէր-Էլ-Զօրի անապատները, ջարդուած ու սպաննուած հայերու ոսկորները գտնել անապատի աւազներուն մէջ, եւ յետոյ գտնել նաեւ այն հայ աղջիկներն ու տղաքը, որոնք գողցուած, ծախուած կամ որդեգրուած էին արաբ պետեւիներէն։ Յարութիւն Յովակիմեան կը սկսի հարցուփորձել Շիւքրին եւ գրգռել յիշողութիւնը։ Շիւքրին կը սկսի պատմել եւ պատմած ատենը կը հեծկլտայ… Երկու ամիս ետք, Յարութիւն Յովակիմեան դարձեալ ճամբայ կ՚ելլէ, Տէր–Էլ-Զօրի անապատները նոյն առաքելութեամբ։ Շիւքրին կ՚արածէր ոչխարները, երբ զարմացած կը տեսնէ Յովակիմեանը, իր դէմը կանգնած: Կ՚ուրախանայ իր բարեկամը եկած էր դարձեալ իրեն տեսնելու։ Տաք-տաք ողջագուրումէն ետք Յովակիմեան կը պատմէ Շիւքրիին իր քրոջ մասին, որ կ՚ապրի Պէյրութի մէջ, ամուսնացած է զաւակներու տէր:  

«Ես քու հարազատ քոյրդ գտայ, ես քեզ պիտի տանիմ Պէյրութ եւ դուն պիտի տեսնես քոյրդ, հայեր, հաճընցիներ»։ Շիւքրի անդադար կը կրկնէ նոյն խօսքը. «ես չեմ հաւատար, ես տեսայ բոլորը մորթեցին»: 1933 Յունուար 2, ինքնաշարժ մը կը կենայ պետեւիներուն վրաններուն առջեւ։ Այս ինքնաշարժը եկած էր տանելու Շիւքրին Պէյրութ։ Շիւքրի ունէր հարիւրէ աւելի ոչխարներ, արօտավայր եւ բաւական ոսկի թաղուած հողին տակ: Ունէր նաեւ կին մը եւ երկու զաւակներ, Ալի եւ Խատիճէ… 1934 Փետրուար 15–ին Շիւքրին կ՚ամուսնանայ Էլիզ Շխրտըմեանին հետ եւ կը բախտաւորուին 6 զաւակներով, 17 թոռնիկներով ու 3 թոռան զաւակներով։ Շիւքրին հայրենասէր հայ մը եղաւ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ: Ան ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚երթար աղօթելու… Կորսնցնելով իր կեանքի ընկերը` Էլիզը, Շիւքրին 1970 Մայիս ամսուն փոխադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` հաստատվելով Քալիֆորնիայի Փասատինա քաղաքը, ուր իր մահկանացուն կնքեց 86 տարեկանին, Նոյեմբեր 9, 1986-ին: 

«Պետեւին», Արաքսի Գոփուշեան-Թաթուլեան Սան ՏիԷկօ, Քալիֆորնիա,

2000  Ազատեան Լ., Հայ որբերը մեծ եղեռնի, գիրք երրորդ, Լոս Անճելըս, 2002, 263 էջ, էջ 125-134:

armeniangenocide100.org

 

Վերահրապարակումներում` մտքերն ու ինֆորմացիան կարող են չհամընկնել խմբագրության տեսակետի հետ: Ձեր տեսակետը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին
Հասարակություն ավելին