▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Տողու-ներ պիտի չըլլան մեր թիրախը

Ներկայացնում ենք  «Զարթօնք» օրաթերթի եւ  yerepouni-news.com  կայքի  խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանի  «Տողու-ներ  պիտի  չըլլան  մեր թիրախը» հոդվածը` արևմտահայերենով.

«Ոմն  Տողու  Փերինչէքի  նման  անձնաւորութիւն  մը անպարտ   հռչակելու Եւրոպական Դատարանի վճիռը,  աշխարհաքաղաքական շահերու մէջ սուզուած համակարգի մը  բարոյական  չափանիշներուն ապացոյցն է: Այլ խօսքով՝ տնտեսական անդառնալի նաւաբեկումէն փրկուելու   լաստ  փնտռող,  Եւրոպական Միութեան շահադիտական   քաղաքականութեան  հերթական արտայայտութիւնը:  Մենք ենք, որ  բարոյական  գնահատանքներու  փնտռտուքին տակ խրած՝  պատմական  ճշմարտութեան մը    դատապարտումն ու պահանջատիրական մեր  պայքարը    դարձուած ենք մարդասիրական  հայեցակարգերու կողմնացոյց: Ինքզինք   ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ազատութիւններու   նախահայր յորջորջող Եւրոպական  ցամաքամասը այսօր դարձած է  իր իսկ  դաւանած  ազատութիւներուն եւ բարոյական չափանիշներուն   մեծագոյն զոհը՝  ուր  վխտացող ընկերային, քաղաքական, ելեւմտական եւ  տնտեական իւրովի  մեկնաբանութիւններ կը խաչաձեւեն զիրար: Մի խաբուիք  եւրոպական  ընտանիքին  կեղծ մարգարէութիւններէն:  Հեռանկարի բացակայութիւնը, տնտեսական եւ  ընկերային  գորշ հակասութիւնները, ընկերային   մեծ պայթումի  մը սեմին  տուայտող    հասարակարգի  մը   վերածած է կաշառքի ու փտածութեան   ճահիճին մէջ լողացող  եւրոպական   ցամաքամասը:  Ո՜հ կաշառ՞ք ըսինք, այս ին՞չ  զրպարտութիւն ...  Եւրոպական  Միութեան մէջ: Այո սիրելիներ:  Տակաւին քանի մը օր առաջ,  Եւրոպական  Միութեան  Ներքին հարցերու յանձնակատար  Սեսիլիա Մալմսթրոմ,  տարեկան իր  տեղեկագիրը  փոխանցելու պահուն բարձրաձայն  յայտարարեց, թէ փտածութիւնը եւ կաշառքը  «շնչահեղձ» կը դարձնեն  համակարգը:  Փտածութիւնը տարեկան  120  միլիառ եուրօ կ'արժէ  Եւրոպական  Միութեան տնտեսութեան:

Այլանդակութիւններու այս կրկեսին մէջ,    երբեք  տարօրինակ պիտի  չըլլան  այսօրինակ  վճիռներ  եւ յայտարարութիւններ:  Զաւեշտային բաժին մը կու գայ աւելնալու եւրոպական երկիրներու  դիւանագիտական ներկայացոցիչնրուն երկիմաստ եւ  երկդիմի   յայտարարութիւններուն՝  ոմանք առանց ամչնալու կը յայտարարեն, թէ «հարց»էն տեղեակ ըլլալով, արդէն իսկ բողոքներ  սկսած են ստանալ  այս ուղղութեամբ..: Բարեբախտութիւ՞ն  պէտք է սեպել, որ   տեղեակ  են «հարցէն» ... :  Պատմական  ճշմարտութեան խեղաթիւրումն է «հարց»ը,  թ՞է   ստացած  բողոքները:   Այս՝   Զուիցերիոյ նման երկրի մը  ներկայացուցիչներէն, որուն  զաւակներէն շատեր « Բուն Հարցին» ականատեսը դառնալով,  բազմաթիւ  տեղեկագրութիւններ  փոխանցած  իրենց  իշխանութիւններուն..:

Արդար  եւ տակաւին  շատ համեստ  է, Սփիւռքի տարբեր   ափերու  մէջ   հայորդիներու  ընդվզումը:  Նոյնքան տեղին եւ   հասկնալի  են   տարբեր ափերու մօտ ծայառող  զուիցերիական   դիւանագիտական  ներկայացուցիչներուն փոխանցուած  պահանջագիրները ( ոչ՝ խնդրագիրները...): Վստահաբար,  նոր «տողու»ներ պիտի  ծնին  յառաջիկայ  օրերուն, ամիսներուն:

Ուրացումի եւ  ժխտումի այս արշաւը չի զարմացներ մեզ: Թրքական  քարոզչութիւնը   պետական,  քաղաքական եւ  տակաւին այլեւայլ  միջոցներով  պիտի փորձէ հակազդել  Հայոց  դէմ կազմակերպուած  եւ գործադրուած  Ցեղասպանութեան   հարիւրամեակի վաղորդայնին մեր  հաւաքական աշխատանքները:

Բնականաբար պիտի  պայքարինք  թրքական ապաքարոզչութեան, ուրացումի,  ժխտողական քաղաքականութեան վարիչներուն դէմ: «Տողուներն» ու  անոնց  հովանաւորները պիտի   չմնան անպատասխան:  Սակայն, որքան  ալ տարօրինակ  թուի,  «տողու»ներ պիտի  չըլլան  մեր  թիրախը:  Ճանաչման իրողութիւնը, որքան մարդկային ողբերգութեան մը հաստատումն է, նոյնքան եւ աւելի իրաւունքի հարց է: Մեր հիմնական  նպատակը  պիտի ըլլայ  ստիպել Թուրքիան՝ առերեսուելու  իր  սեփական  պատմութեան հետ: Այստեղ, առաջին հերթին Թուրքիոյ  այսօրուան  իշխանութիւններուն առջեւ անհրաժեշտ  է բարձրացնել   մեր  ժողովուրդէն   յափշտակուած  գոյքերուն   թղթածրարը:  Ժամանակն  է, որ  սեղանի վրայ  ներկայացուի    լքեալ  գոյքի   հարցը, որուն  մասնակի լուծում  տուած է  նոյնիսկ  Լոզանի  տխրահռչակ խորհրդաժողովը:

Լոզանի խորհրդաժողովի  ընթացքին, որուն  պաշտօնապէս չթոյլատրուեցաւ  Հայաստանի  հանրապետութեան պատուիրակութեան  մասնակցութիւնը՝  Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա,  Իտալիա,  Յունաստան, Ճափոն, Ռումանիա,  Միացեալ Նահանգներ  եւ Թուրքիա  հաստատեցին այսօրուան Թուրքիոյ  սահմանները: Սակայն  նոյնինքն այդ  խորհդաժողովին ընթացքին  քննարկուեցաւ  յափշտակուած  հարստութիւններու, կալուածներու հարցը:

Թրքական  իշխանութիւնները  Լոզանի մէջ   ընդունեցին   հայերուն վերադարձնել   բռնագրաւուած  կալուածները,  հարստութիւնները կամ ՝ անոնց  ժառանգորդներուն: Լոզանի  խորհրդաժողովը  1915  թուականի   տեղահանութիւններն ու  սպանութիւնները բնորոշածէ իբրեւ  « անօրինական  կերպով գործադրուած  ռազմական  միջոց»:  Սակայն, յետագայ տարիներուն, Թուրքիա մերժած է  բռնագաղթի ենթարկուած  հայերուն  վերադարձը:  Լոզանը միաժամանակ  որդեգրած է   նիւթական կորուստներ կրող  հայերուն վնասները  փոխհատուցելու  սկզբունք:   Թրքական  եւ  մասամբ  Ֆրանսական իշխանութիւնները  յետագայ տարիներուն տարբեր  տեսակի  խարդաւանքներով  շրջանցած են այս  դրոյթները:  Պիտի   ընդունինք, որ մենք եւս  չենք հետապնդած մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Սակայն  հիմնական   ճշմարտութիւնը այն է, թէ  փոխհատուցումի  հարցը  Լոզանի   համաձայնագիրի օրերէն  ներկայացուած է  սեղանի վրայ:  Փոխհատուցումը   չի սահմանափակուիր  անհատական  կորուստներով, այլեւ՝  մշակութային,   նիւթական  հարստութիւնները:   Փոխհատուցումը հաւաքական  հարց է եւ  կը պահանջէ հաւաքական աշխատանք:   Ցեղասպանութեան  ժխտումը,  յանցագործութիւնը  ուրանալու թրքական  իշխանութիւններու  կեցուածքին ետին պահուած է  հատուցումէն խուսափելու   մտահոգութիւնը:

Եւ ինչպէս  Հրանդ  Տինքը օրին կ'ըսէր եւ շատեր  չէին  փափաքիր հասկնալ՝  յափշտակուած  գոյքերու  թղթածրարը  Թուրքիոյ  ապագային  վերաբերող ամենասարսափելի   հարցն է, որովհետեւ անոր  պատճառով պիտի բացայայտուին անհաւատալի ճշմարտութիւններ, մանաւանդ երբ   հարց բարձրանայ,թէ որո՞նց միջեւ  ինչպէ՞ս  եւ  ինչո՞ւ  բաժնուած են այդ   հարստութիւնները: Եւ նոյնինքն նահատակ  խմբագիրը կ'աւելցնէր, թէ   հայոց   յափշտակուած գոյքերուն թղթածրարը պիտի բացայայտէ  խորքային  Թուրքիոյ տարիներու վրայ  կառուցուած կեղծ պատմութիւնը:  Տրամաբանութիւնը  պիտի  ըսէ՝ եթէ  այդ պատմութիւնը  խեղաթիւրուած էր, հաւանաբար  խեղաթիւրուած պիտի  ըլլային այլ   բաներ: Թուրքիոյ մէջ  պիտի յառաջանայ  էական   փոփոխութեան  եւ պատմութեան առջեւ առերեսումի  պահանջ : Փոխհատուցումի  թղթածրարը   ինքնաբերաբար պիտի   բանայ  Ցեղասպանութեան էջը, որուն առջեւ այլընտրանք  պիտի  չունենան թուրքերը»:

Վերահրապարակումներում` մտքերն ու ինֆորմացիան կարող են չհամընկնել խմբագրության տեսակետի հետ: Ձեր տեսակետը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին
Քաղաքականություն ավելին