Յաճախ կ'ըսուի թէ գիտական եւ արհեստագիտական վիթխարի նուաճումները այնքան են յեղափոխած մարդկային կեանքը, որ շեշտը դրուելու է դաստիարակչական նոր մօտեցումներու վրայ. նոր մօտեցումներ՝ այո, անպայման, բայց դաստիարակութեան վախճանական նպատակը կը մնա նոյնը ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱԼ՝ ԿԵԱՆՔԸ ՃԻՇԴ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ սորվեցնել մատղաշ սերունդին:
Այսինքն, սա կը նշանակէ որ բարոյական-մարդկային ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ նոյնը կը մնան, որքան ալ գիտական-արհեստագիտական արագասոյր յառաջընթացը հսկայական փոփոխութեան ենթարկէ մարդկային առօրեայ կեանքը: Նոյնը կը մնան՝ սիրոյ, արդարութեան, ազնուութեան, պարկեշտութեան, անկեղծութեան, կարեկցանքի, քաջութեան, գեղեցկութեան, ներդաշնակութեան....ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ, որոնցմով պիտի ոգեշնչել նոր սերունդը, եթէ չենք ուզեր մարդ-մեքենաներ պատրաստել ապագային համար: