Ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, նոյնպէս ալ Գահիրէի մէջ, ատրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան փորձած է առաւելագոյնս օգտագործել Խոջալուի ողբերգութիւնը: Արդարեւ, «Ահրամ» լրագրական հաստատութեան մէջ, Գահիրէի մօտ ատրպէյճանական դեսպանատան թաքուն աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով, կազմակերպուած է քարոզչական զեկուցում մը՝ «Փոքրամասնութիւններու իրաւական վիճակը միջազգային տագնապներուն մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի պարագայի ուսումնասիրութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուցած է «Հիուար» կեդրոնէն Էմատ Մահտի: Գրում է yerakouyn.am-ը՝ հղում անելով «Ասպարեզ» օրաթերթը:
Հակահայ, պատմական փաստերը գլխիվայր շրջած բովանդակութեամբ այս զեկուցումին ընթացքին, մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի դասախօս դոկտ. Սայետ Ապուլ Խէյր, մինչ զրոյցը վարած է Պեշիր Ապտըլ Ֆաթթահը: Հաւաքին ներկայ գտնուած են Գահիրէի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Շահին Ապտալլայեւի, ինչպէս նաեւ ազգային կարգ մը թերթերու խմբագրապետներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն բժ. Արմէն Մազլումեան ԱՄՆ-ի “Ասպարէզ” օրաթերթին հաղորդած է, թէ նախօրօք տեղեկանալով այս մասին՝ աշխատանք տարուած է մեծաթիւ հայկական մասնակցութիւն ապահովելու այդ ձեռնարկին, որ գրեթէ փակ եղած է: Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչի՝ կցորդ Վարդգէս Յովսէփեանի կողքին, սոյն հաւաքին ներկայ գտնուած եւ ատրպէյճանցիներու համար անակնկալ կերպով մերկացուցիչ լուսաբանական խօսքով հանդէս եկած են ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Պերճ Թերզեան եւ եգիպտացի ծանօթ պատմաբան Մոհամմետ Ռեֆաաթ Իմամ: Աւելի՛ն, անոնք արաբերէն եւ անգլերէն գիրք բաժնած են Ղարաբաղի եւ Սումգայիթի մասին:
Բժ. Մազլումեան իր հաղորդման աւարտին նշած է. «Յաջողութեամբ պսակուած այս հակահարուածը կը պարտինք եւ արդիւնքն է տարիներով մեր կազմած ցանցին ու համագործակցական վճռական ոգիին»: