Աշնան շունչը կը թեւածէ օդին մէջ....Ա՛լ չկան ամրան տօթն ու տապը, կիզիչ արեւը, երկինքը ամպամած է եւ շուտով օրհնաբեր անձրեւը պիտի գայ՝ մաքրելով ամիսներով կուտակուած փոշին, որ նստած կը մնայ քաղաքին վրայ, ծառերուն եւ փողոցներուն վրայ: Մարդ էակը նոյնպէս կը տրամադրուի աշխատելու նոր կորովով՝ ամրան հանգիստ ծուլութենէն ետք....ԱՇՈՒՆԸ, ԱՇՆԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ՝ իր ոսկեգոյն, հրավառ գոյներով, մօտալուտ ձմեռն աւետող իր «շշուկ ու շրշիւն»ով. երկարող գիշերներով, թախծանոյշ ապրումներով կը պատէ հոգին....: Այս անանուն ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ է թերեւս, որ տարուան այս եղանակը այնքան սիրելի ու գրաւիչ կ'ընծայէ սրտիս:
Ֆեյսբուք