Թրքական հեռատեսիլի TRT պետական կայանը անդրադարձած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Ուրբաթ, Յուլիս 1-ին միաձայնութեամբ քուէարկուած ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումի պատժելիութեան բանաձեւին: TRT յայտարարած է, թէ այս բանաձեւը «չ՚ակնարկէր 1915-ի դէպքերուն մասին Հայոց պնդումներուն».գրում է «Արևելք»-ը:
Լուրին արձագանգած է նաեւ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, այնուհետեւ՝ նաեւ թրքական բազմաթիւ լրասփիւռներ: Ընդգծելով Հայոց ցեղասպանութեան պարագային բացառումը, անոնք կը նշեն, որ մինչդեռ բանաձեւին տուն տուող պատճառներուն մէջ յիշատակուած էր ան եւ հաւասարութեան պետական քարտուղար Էրիքա Պրէյց Ազգային ժողովին առջեւ յայտարարած էր, թէ հարցը կը վերաբերի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան: