▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Դավադրություն ընդդեմ Երուսաղեմի պատրիարքի

 

Ներկայ եկեղեցական խճապատկերին մէջ տակաւին խորշոմած կը մնայ Երուսաղէմ-Էջմիածին հանգոյցը: Հոս կը փափաքինք անդրադառնալ կարեւոր խնդրի մը որ արդիական է ոչ միայն Երուսաղէմի Առաքելական Ս. Աթոռին համար, այլեւ կը վերաբերի եւ կ’ահազանգէ Հայ Եկեղեցւոյ համօրէն զաւակներուն:

Ատեն մը առաջ մամուլի միջոցաւ ծանօթացանք այն շեշտակի եւ հուժկու պոռթկումին որ ի լուր համայն աշխարհի հրապարակ նետեց Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարք Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան` ի զգաստութիւն եւ ի յանդիմանութիւն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի:

Առաջին պատճառը Պատրիարք Հօր արդար վրդովմունքին, բոլորին յայտնի, այն ամօթալի միջադէպն էր որ պատահեցաւ Գարեգին կաթողիկոսի եւ Ֆրանսայի հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Նորվան Ս. Արք. Զաքարեանի հետ, Փարիզի Շառլ տը Կոլ օդակայանի VIP սրահին մէջ, որուն հետեւեցաւ Նորվան Սրբազանի աննախադէպ հրաժարականը: Նիւթէն չշեղելու համար, չենք ուզեր խորամուխ ըլլալ խնդրոյ առարկայ մանրամասնութեանց մէջ, իսկ եթէ ցանկացողներ ըլլան, հեշտութեամբ կրնան տեղեկանալ, այդ թեմայով համացանցի մէջ փնտռտուք կատարելով:  

Երկրորդ դրդապատճառը Նուրհան Պատրիարքի հրաբխակերպ ժայթքումին, ինչպէս յայտնի է, եղած էին Երուսաղէմի պատմական Աթոռը «թեմի մը» վերածելու Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անփառունակ ջանքերը, ապա` իր իսկ կողմէ իր խոստումին դրժումը եւ քմահաճ կերպով մերժումը եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան երկու թեկնածուներէն` Երուսաղէմի Սրբոց Յակովբեանց Զինուորեալ Միաբանութեան անդամ Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեանի: Յիշեցման կարգով յայտնենք որ Պարետ Հայր Սուրբի թեկնածութիւնը եպիսկոպոսացման համար առաջադրած եւ վաւերացուցած էր Երուսաղէմի Տնօրէն ժողովը եւ ապա` Միաբանական ընդհանուր ժողովը:

Գարեգին Կաթողիկոս եւ իր սեփական ոստանը նկատող Էջմիածնայ Մայր Աթոռը ոեւէ գրաւոր եւ հիմնաւոր պատճառաբանութիւն չեն տուած թէ յատկապէս ինչո՛ւ կը մերժեն Հայր Պարետի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, վերապահ գտնուելով անոր անձին եւ անունին: Շրջանառուող լուրերու համաձայն, Ամերիկայի հայոց Արեւմտեան (էջմիածնական) Թեմի Առաջնորդ` Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան ըմբոստացած էր եւ Գարեգին Կաթողիկոսին ըսած էր թէ` «այն օրը, երբ Հայր Պարետ եպիսկոպոս ձեռնադրուի, ես կարգս կը ձգեմ», որ կը նշանակի թէ` այդ օրը կը հրաժարի իր եկեղեցական կոչումէն եւ ծառայութենէն: Ո՜հ, ինչպիսի՜ քինախնդրութիւն եւ չարակնութիւն: Վստահաբար, Գարեգին Վեհափառ պիտի չուզենար զրկուիլ իր ամէնէն հաւատարիմ եւ հլու-հնազանդ եպիսկոպոսէն, մանաւանդ որ վերջինս Ամերիկայի մեծահարուստներու գրպաններէն բաւական խոշոր գումարներ կը յատկացնէ Էջմիածնին, տարին քանի մը անգամ:

Կասկածէն դուրս է որ Գարեգին Ներսիսեան, իր յիշաչար եւ ոխակալ բնաւորութեամբ, պիտի չկարենար մարսել այն ջախջախիչ գրութիւնները եւ բարոյական ապտակները զորս Նուրհան Պատրիարք քաջաբար յանձն առաւ, իբրեւ նախանձախնդիր հայ եկեղեցական մը որ հետամուտ է արդարութեան եւ օրինականութեան:

Եւ որովհետեւ Գարեգին Բ.ն անձնապէս չի կրնար ոեւէ ձեւով պատժել Նուրհան Սրբազանը, ըսենք, փիլոնազուրկ կամ կարգազուրկ հռչակել, հաշուի առնելով անոր նուիրապետական Աթոռի մը գահակալ ըլլալու հանգամանքը, ուստի Գարեգին Ներսիսեան կը ջանայ ընդյատակեայ աշխատիլ որ այս պարագային կրնայ ըլլալ Երուսաղէմի միաբանութեան միջոցաւ: Նպատակը նախ` արդէն իսկ «անմիաբան միաբանութիւնը» եւս առաւել պառակտիլն է եւ ապա` Պատրիարքին ընդդիմադիր խմբակ մը ձեւաւորելն է, որպէսզի ի պահանջել հարկին` այդ խմբակը Միաբանական ժողովներու ատեն հակապատրիարքական, նոյնն է թէ` «գարեգինեան» կեցուածք որդեգրէ, ի վերջոյ` Նուրհան Պատրիարք Հօր հրաժարականը կամ գահընկեցութիւնը հետապնդելով:

Արդէն Գարեգին Կաթողիկոս կրցած է մասամբ ազդիլ նաեւ կարգ մը բարերարներու վրայ, անոնց հրահանգելով նիւթական օժանդակութիւն չցուցաբերել Երուսաղէմի Աթոռին: Ֆինանսական ճգնաժամը լաւագոյն միջոցն է ոեւէ հաստատութեան համար, ետքայլ ընելու իր սկզբունքներէն եւ գաղափարներէն, ի հաճոյս հակառակորդ կողմի: Բայց սա նենգ ճանապարհին կրնայ ոտք դնել միայն Հայ եկեղեցւոյ ոխերիմ եւ դարանակալած թշնամին, իր ստոր նպատակներուն հասնելու համար, որ է այս պարագային` Հայ եկեղեցւոյ մէջ հաստատել անձնիշխան բռնապետութիւն, տիրանալով անոր հարստութիւններուն, զաւթելով ժողովրդապատկան կալուածքները, խեղաթիւրելով Աւետարանի պատգամները եւ եղծելով ազգային-եկեղեցական սրբութիւնները:

Գաղտնիք չէ որ Երուսաղէմի մէջ շատ սիրուած չեն հայաստանցի միաբանները, հաւանաբար` վստահելի նկարագիր չունենալու պատճառով: Բայց ասոնց քովը, դժբախտաբար, շարք մը սփիւռքահայ միաբաններ եւս խունկ կը մատուցանեն Գարեգին Ներսիսեանին, մանաւանդ անոնք որ տարբեր արտասահմանեան Թեմերու մէջ առաջնորդական պաշտօններ կը զբաղեցնեն:

Համաձայն մեր ունեցած տեղեկութիւններու, Երուսաղէմի միաբանութեան քանի մը անդամներու շռայլ խոստումներ տուած է Գարեգին Կաթողիկոս, մինչեւ անգամ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, որպէսզի անոնք լրտեսութեամբ զբաղին, միեւնոյն ժամանակ իր գովքը հիւսելով, ի խնդիր Նուրհան Պատրիարքի դէմ հակակշիռ ստեղծելու: Շշնջիւններ կը պտտին թէ այդ «գարեգինեան» խմբակը կը գլխաւորէ Երուսաղէմի միաբաններէն` Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննէսեան, իրեն գործակիցներ ունենալով այլ միաբաններ:

Պատահական չէ, որ տարւոյս Յունուար ամսին տեղի չունեցաւ նախատեսուած Միաբանական ընդհանուր ժողովը, որ պիտի քններ Երուսաղէմի Աթոռին վրան երեք եպիսկոպոսով Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կատարելու հարցը, ինչ որ բոլորովին օրինական է, ըստ Նիկիոյ Տիեզերաժողովին կանոնի: Բայց որովհետեւ միաբանութեան մէջ արդէն իսկ սկսած էին ներքին խլրտումները, հաւանական դաւադրութիւն մը սանձազերծելու նկատառումով էր, թերեւս, որ ժողովը չկայացաւ, քանի որ կարգ մը միաբաններ, որոնց մէջ նաեւ եպիսկոպոսներ, պատրաստ էին ելլել ընդդէմ Նուրհան Պատրիարքի, անոր ոտքին տակ օճառ դնելու եւ զինք սահեցնելու:

Այս խմորը, անտարակոյս, դեռ շատ ջուր պիտի ուզէ որ արդէն սկսած է շաղուիլ: Անցեալ Սուրբ Ծննդեան եւ Զատկական տօներու առիթով Էջմիածնի միաբանութենէն ոչ մէկ եկեղեցական հրաւիրուած էր Երուսաղէմէն, ինչ որ տարիներու աւանդութիւն էր: Փոխարէնը` Կոստանդնուպոլսոյ Աթոռի միաբաններէն եկած էին որ կը նշանակէ թէ Էջմիածնի միաբաններու մուտքը Երուսաղէմ այլեւս գոցուած է:

Այս տաղտուկին մէջ, զարմանալիօրէն, երկդիմի դիւանագիտական դիրք բռնած է Արիս Ս. Արք. Շիրվանեան` Երուսաղէմի երիցագոյն միաբաններէն: Յիշեցնելու համար ըսենք որ ինք Նուրհան Պատրիարքին գլխաւոր մրցակիցն էր վերջին պատրիարքական ընտրութիւններու ընթացքին, մէկ-երկու քուէով զիջելով Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին:

Ինչ խօսք, Մայր Աթոռ Էջմիածնի եւ անձամբ Գարեգին Ներսիսեանի համար ձեռնտու թեկնածու մըն էր Արիս Սրբազանը Պատրիարքական Գահին համար, որովհետեւ դիւրութեամբ պիտի կարենային զինք օգտագործել, իրենց կամքը պարտադրելով: Եւ այս լարուած ու շիկացած մթնոլորտին մէջ, կ’երեւի թէ Արիս Սրբազան աւելի հակուած է հովանաւորելու «գարեգինեան» խմբակը Երուսաղէմի ծոցին մէջ, իբրեւ մխիթարութիւն իր անցեալի մորմոքներու:

Կը մաղթենք Նուրհան Պատրիարք Հօր, որպէսզի աղուոր մը ուսումնասիրէ իր շրջափակը, իրեն պարուրէ նուիրեալ եւ հաւատարիմ միաբաններով, կանխելու այն գահավիժումը որ շատ անգամներ պատահած է եկեղեցական պատմութեան մէջ:         

 

Պերճ Մուրատեան

Հսդվածն արևմտահայերենով է որ դասական ուղղագրությամբ

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել Asekose.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ: Նյութերի ներքո` վիրավորական ցանկացած արտահայտություն կհեռացվի կայքից:
Քաղաքական далее