Ի՛նչ որ ալ պատահի, չկորսնցնել ՀՈԳԻԻ ԼՈՅՍԸ...ներքին այդ լուսաւոր խորհուրդը, որ ամէնէն դժուար ու դաժան պահուն անգամ՝ յոյս կը ներշնչէ, կայծ կու տայ սրտիդ, չի ձգեր որ յուսալքութեան գիրկն իյնաս: Յուշարա՛րն է ան թերեւս այն բերկրանքին, զոր կեա՛նք կ'անուանենք, առանց խորանալու անոր իմաստի խորախորհուրդ շերտերուն մէջ:
Կեանքը գերագոյն պարգեւն է Արարիչին մեզի տրուած եւ մեզմէ կախեալ չէ՞ գերազանցօրէն՝ զայն իմաստաւորելն ու արժեւորելը: Եթէ զգայարանքներդ չեն փթացած, եթէ անոնք կը զգան բնութեան ձայները, բոյրերն ու թոյրերը, երկնքի անհունութենէն մինչեւ արեւին ոսկեշող փայլն ու աստղերու բոցկլտանքը, խոտի ու ծաղկի բուրմունքն ու զմայլելի գեղեցկութիւնը, մանկան ճիչն ու զուարթուն հայեացքը...կ'ապրիս յայնժամ կեանքի հրաշք-խորհուրդը, կ'ըմպես անոր երանութիւնը, որուն հաւասար ոչինչ կայ այս աշխարհիս վրայ....որքա՛ն ալ քեզ հմայեն իրերու շքեղութիւնն ու պերճանքը...