ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ հիմքը հոգեւոր-բարոյական-մշակութային ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ամբողջութիւնը պիտի ըլլայ: Այլապէս, պետութիւնը կը դառնայ սոսկ անդիմագիծ վարչական միաւոր, որ լաւագոյն պարագային կը կարգաւորէ հասարակութեան համատեղ կեանքն ու կենցաղը, օրէնքներու հիման վրայ, նոյնիսկ բարեկեցութեան պայմաններ ալ ստեղծելով անոր համար...
Ազգային պետականութեան գոյութեան բուն պատճառը չի կրնար միայն ա՛յս ըլլալ, այլ՝ անկէ անդին, ազգի բարոյական-մշակութային ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ պահպանումն ու ծաղկումը: Պետականութիւնը ՄԻՋՈՑ է սոսկ նշեալ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ՝ ԱԶԳԻ հոգեւոր-բարոյական-մշակութային կեանքի եւ արժէքներու ԾԱՂԿՈՒՄԻՆ: Դժբախտաբար, մենք յաճախ կը շփոթենք միջոցը գերագոյն նպատակին հետ....