ԱԽՊԱՐԻ ՍԻՆՏՐՈՄԸ: Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, Հայաստանն ու Սփիւռքը յաճախակի առիթներ ունեցան իրարու հետ շփուելու, զիրար ճանչնալու: Սփիւռքը մանաւանդ, տարագիր արեւմտահայութեան հայրենաբաղձ, հայրենակարօտ բեկորներու զանգուածը, սրտով եւ հոգիով փարեցաւ վերանկախացած Հաաստանին փութալու, անոր օգնելու, անով ուրախանալու, գօտեպնդուելու նպատակ-գործին: Ինքզինք մոռնալու աստիճան, տրուեցաւ ՀԱՅՐԵՆՕԳՆՈՒԹԵԱՆ սրբազան աշխատանքին, բայց ՍՓԻՒՌՔԸ, ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ Հայաստանի համար մնաց ու կը դեռ կը մնայ որպէս «տեսակ մը հայ», որ «ախպարերէն կը խօսի», զգացմունքային է եւ, եւ, եւ ...
Այսինքն, ԱԽՊԱՐԻ ՊԻՏԱԿԸ դեռ սփիւռքահայուն վրայ կը մնայ որպէս անջնջելի կնիք, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները: Ան գերազանցօրէն դեռ կը նկատուի որպէս «կթան կով», որմէ միայն պէտք է օգուտ քաղել որպէս շահագործման աղբիւր եւ ոչ՝ որպէս լիարժէք հայրենակից, որուն պիտի գուրգուրալ, զօրավիգ ըլլալ, ցաւը կիսել, որուն հետ պիտի վարուիլ հաւասար-հաւասարի, հարազատ եղբօր պէս: Անշուշտ բացառիկ անձեր միշտ ալ եղած են եւ կան, սակայն մեծաւ մասամբ տիրող մտայնութիւնը ա՛յս է:
Ֆեյսբուք